ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀՈՄԱՆԻՇԸ
«Իմաստութիւն» բառը ունի հոմանիշ բառեր՝ «խելահասութիւն», «փորձառութիւն», «խելք», «հանճար», ինչպէս նաեւ՝ փոխաբերական իմաստով՝ «ողջամտութիւն», «ողջախոհութիւն», «վսեմախոհութիւն», «երեւոյթներու խոր իմացութիւն՝ ըմբռնում»։ Բոլոր այս նշանակութիւններուն հետ իմաստութիւնը կը յիշուի նաեւ անունով մը՝ որպէս «հոմանիշ» եւ նոյնիմաստ կամ նոյնանիշ բառ, որն է՝ Սողոմոն եւ կը գործածուի «Սողոմոն իմաստուն» ձեւով։
Արդարեւ պատմութեան մէջ յայտնի մարդոցմէ մէկն է Սողոմոն, որուն անունը իմաստութեան մերձիմաստ է դարձած։ Ան եղած է հրեաներու երրորդ արքան՝ Սողոմոն թագաւոր՝ Ք. Ա. 975-928 թուականներուն։
Սողոմոն թագաւորի խօսքերը՝ իմաստութիւնները կը վկայեն ու կ՚արտայայտեն հազարամեակներով փորձուած իմացականութեան, ճարտարութեան եւ մտքի։ Սողոմոնի իմաստութիւններուն արժէքը հոն է՝ որ անոնք չե՛ն կորսնցուցած իրենց այժմէութիւնը։
Մի քանի օրինակ կը բաւէ ցոյց տալու Սողոմոնի իմաստութիւններուն մշտագոյ եւ յարախօս արժէքը։
ա) «Եթէ խօսք տուած ես, կատարէ՛։ Աւելի լա՛ւ է չխոստանալ, քան խոստանալ եւ չկատարել»։
Ահաւասիկ խորհուրդ մը, պատուէր մը՝ որ ամէն շրջանի ե՛ւ ա՛յսօր պայման է ընկերային ընդհանուր համերաշխութիւնը հաստատելու համար՝ առաքինութիւն մը, ազնուութեան արտայայտութիւն մը։ Խոստմնադրուժ ըլլալ մարդս կը նուստացնէ եւ արհամարհանքի կ՚արժանացնէ ենթական։ Պարկեշտ ու վեհանձ մարդու չափանիշներէն մէկը եւ կարեւորագոյնն է խօսքին տէրը ըլլալ՝ խոստումին հաւատարիմ մնալ, բան մը՝ որ շատերէ կը պակսի դժբախտաբար։
բ) «Ամէն ինչ իր ճիշդ ժամանակը ունի՝ կայ ծնելու եւ մահանալու ժամանակ, քանդելու եւ կառուցանելու ժամանակ, լռելու եւ խօսելու ժամանակ»։
Ո՜վ կրնայ ուրանալ, թէ այսօր ալ կիրարկելի չեն այս խօսքերը, եւ դարձեալ՝ պայմա՛ն պատշաճութեան եւ համապատասխանութեան, մարդկային լաւ փոխյարաբերութիւններու մշակման։ Եւ այսօր ալ ընկերային խաղաղութեան կը սպառնան անոնք՝ որ կը խանգարեն ընկերային ներդաշնակութիւնը, անտեղի, անյարմար եւ անժաման, սխալ ժամանակի մէջ գործելով։ Մինչդեռ եթէ իւրաքանչիւր անհատ գիտնայ գործելու կամ խօսելու տեղն ու ժամանակը, այն ատեն կարելի կ՚ըլլայ կանխել, առաջքը առնել շատ մը անհամաձայնութիւններու, տարակարծութիւններու եւ վերջապէս՝ անմիաբանութիւններու։ Չափ ու կշիռ գիտնալու, սահմանը լաւ որոշելու հարց մըն է ասիկա…։
գ) «Յիմարն ալ կարելի է իմաստուն համարել՝ երբ ան կը լռէ՛»։
Ահաւասիկ պատուէր մը, իմաստալից խօսք մը՝ որ կը նմանի նախորդ խրատին՝ թէ պէտք է պատշաճ ատեն եւ պատշաճ տեղ խօսիլ կամ գործել։ Ուստի եթէ մարդ գիտէ լռել, եւ յարմար ատեն խօսի, առնուազն սխալ խօսելու հաւանականութիւնը կը նուազեցնէ, եւ կը քօղարկէ իր գիտութեան պակասը, չգիտցածը։
Արդարեւ կ՚ըսուի, թէ՝ խօսիլը արծաթ է, իսկ լռութիւնը՝ ոսկի՛։ Ժողովրդական իմաստութեամբ ըսուած այս խօսքին մէջ մեծ մասամբ ճշմարտութիւն կը գտնուի։ Յաճախ կ՚ըսենք ու կը կրկնենք, մարդ կայ՝ շատ կը խօսի բայց ո՛չինչ կ՚ըսէ, մարդ կայ՝ քիչ կը խօսի՝ շատ անգամ կը լռէ բայց շա՜տ բան կ՚ըսէ…։
Արդարեւ հնարամիտ է այն մարդը՝ որ լռելով իսկ օգտակարութիւն կ՚ունենայ շուրջին եւ իր լռութիւնը շատ բան կը խօսի…։ Ուստի մարդ եթէ խօսիլ չի գիտեր, խօսելու կերպին անծանօթ է, լաւ է որ լռէ, գոնէ այդպէս ընելով կ՚ազատի խայտառակուելէ եւ ծաղրանքի նշաւակ ըլլալէ, կարծուելով թէ լրջամիտ ու գիտուն մէկն է ինք…։
դ) «Համբերատար մարդը աւելի զօրաւոր է եւ ուժեղ, քան խիզախը եւ շտապողը՝ աճապարողը։ Իսկ ինքնատիրապետող մարդը աւելի՛ հզօր է, քան ամբողջ քաղաքի մը տիրապետողը»։
Մարդիկ կան, որ շատ բանի կը տիրապետեն, բազմութիւններ կը կառավարեն, կը ղեկավարեն, բայց իրենք իրենց տէրը չեն, իրենք զիրենք չեն կրնար կառավարել։ Ուստի կան մարդիկ, որ կառավարելու կոչուած են, կան մարդիկ, որ կառավարուելով կրնան գոյատեւել, բայց կան նաեւ մարդիկ՝ որոնք հազուագիւտ են, իրենք զիրենք կը կառավարեն, ո՛չ տիրապետելու կը ձգտին, ոչ ալ ուրիշին ղեկավարութեանը կը կարօտին՝ ինքնագիտակցութեամբ իրենք զիրենք կը կառավարեն՝ բոլոր պատշաճութիւնները, օրէնք եւ կանոնները անխափան եւ ճշդութեամբ յարգելով եւ հաւատարիմ մնալով արդար իշխանութեան։
Հոգեպէս ազատ եւ մտապէս անկախ են անոնք, որ կը հնազանդին օրէնքին, կը գործադրեն կանոնները եւ շեղում չունին ճշմարտութեան սկզբունքէն։
Ուրեմն համբերութեամբ, ողջախոհութեամբ շարժող մարդը չ՚ունենար որեւէ հարց եւ նեղութիւն։
Անհամբեր, աճապարանքով եւ առանց մտածելու՝ անխոհեմ տրուած որոշումներ մարդս սխալ ընթացքի մէջ կը թողուն։ Առանց մտածելու շարժող մարդը դատապարտուած է սխալելու…։
ե) «Ո՛վ որ փոս մը կը փորէ՝ ինքն ալ կ՚իյնայ փոսին մէջ։ Իսկ ով որ քարը կը գլորէ վերէն, անոր վրայ ալ կը գլորի քարը»։
Այս խօսքը մեզ կը յիշեցնէ մարդկային յարաբերութիւններու ոսկի բանալին՝ թէ մարդ ինչպէ՛ս կ՚ուզէ որ վարուին իրեն հետ ուրիշներ, ինքն ալ պէտք է վարուի այնպէս՝ ուրիշներու հետ, եւ կամ աւելի չէզոք կեցուածքով՝ ի՛նչ որ չ՚ուզեր որ իրեն ընեն, մարդ, ինքն ալ պէտք չէ ընէ ուրիշներուն։
Հեռաւոր Արեւելքի իմաստասիրութեան եւ Քրիստոնէական վարդապետութեան անշեղ ու հիմնական սկզբունքներէն են այս պատուէրները՝ որ Սողոմոն իմաստուն ալ տարբեր կերպով եւ ոճով կը խրատէ, ըսելով, թէ՝ մարդ կրնայ ուրիշին համար փորած փոսը իյնալ, կամ գլորած քարին տակ մնալ։
Այս կը նշանակէ՝ թէ ամէն գէշութիւն կամ չարամտութիւն ի վերջոյ կու գայ, կը հասնի ենթակային։
զ) «Կարեւորը իմաստութիւնն է. իմաստութիւն ձեռք բեր եւ ամէն գնով զարգացուր միտքդ»։
Ինչպէս Սողոմոնի ժամանակ, դարե՜ր յետոյ, այսօր ալ իմաստութիւնը անհրաժեշտ է բանաւոր մարդուն համար, թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ։ Արդարեւ իմաստուն մարդը, յարգ ու պատիւ կը վայելէ, վստահութիւն կը ներշնչէ եւ մանաւանդ հաւատարիմ է իր «մարդ» կոչումին։ Բայց իմաստուն ըլլալ չի բաւեր, քանի որ իմաստութիւնը «դիրք» մը չէ, այլ «կացութիւն» մը, եւ տեւական բարեփոխման կը կարօտի՝ աճելու, զարգանալու է, որ իր նպատակին կարենայ ծառայել։ Եւ իսկական իմաստունը այն է՝ որ ինքզինք «իմաստուն» չի՛ նկատեր, այլ իմաստութեան ձգտող. զարգանալու հետամտող եւ տեւապէս կատարելութիւնը փնտռող մէկն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 21, 2015, Իսթանպուլ