ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Յաճախ կը խօսինք ամուսնութեան մասին, սակայն պէտք է բնական նկատուի այս, քանի որ ամուսնութիւնը անբաժան մէկ տարրն է կեանքին, եւ մեր առօրեային մէջ միշտ կը դիմաւորուինք այս գաղափարով։
Ամուսնութեամբ կազմուած ընտանիքը՝ ընկերութեան հիմն է, եւ քանի որ ընկերային կեանքը անհրաժեշտ է անհատական կեանքին գոյապահպանման ու գոյատեւման համար, ուրեմն ամուսնութիւնը միշտ համընթաց է կեանքին։ Եւ ուրեմն բնական է խօսիլ յաճախ ամուսնութեան մասին։
Ամուսնութիւնը որքան համընթաց է կեանքի իրականութեան, նոյնքան անխուսափելի երեւոյթ մըն է նաեւ ամուսնալուծութիւնը, քանի որ կեանքի մէջ ամէն դրական երեւոյթ ունի իր մէկ ժխտակա՛նը։
Ուստի թէ՛ ամուսնութեան եւ թէ ամուսնալուծման մասին պէ՛տք է քրիստոնէական մօտեցում ունենանք, քանի որ մկրտութեամբ, ընդունած ենք քրիստոնէութեան բոլոր ուսուցումները։
Յիսուս բացայայտ կերպով կը պարզէ իր վարդապետութիւնը այս հարցին նկատմամբ։
Ամուսնալուծման մասին Մովսէսի Օրէնքը կ՚ըսէ.
«Եթէ մէկը կին մը առնէ եւ ամուսնանայ եւ անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնէ եւ այդ պատճառով անիկա իր աչքին համար անհաճոյ ըլլայ՝ այն ատեն անոր արձակման թուղթ մը թող գրէ ու անոր ձեռքը տայ եւ իր տունէն ճամբէ» (Բ. ՕՐԻՆ. ԻԴ 1)։
Այս օրէնքին մէջ խնդրոյ առարկայ եղողը՝ կնոջ վրայ «անարգութեան հանգամանք» գտնելու պարագան է՝ որ հիմք ու փաստ պիտի ըլլայ այր-մարդուն՝ իր կինը արձակելու համար։ Եւ յաճախ տարակուսանքի առիթ կու տար այդ «անարգութեան հանգամանք»ը՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է սահմանել զայն։
Եւ այս վէճի արդիւնքն էր, որ փարիսեցիներ դիմեցին Յիսուսի՝ որպէս կարող, հմուտ, հռչակաւոր վարդապետ։ Անշուշտ կարելի է խորհիլ, թէ փարիսեցիներ ո՛չ թէ ճշմարտութիւնը սորվելու, այլ Յիսուսը փորձելու յետին նպատակով կրնային շարժած ըլլալ, ինչպէս սովորութիւն ունէին…։
Բայց ի՛նչ որ ալ ըլլայ նպատակը, այդ հարցումը առիթ մըն էր Յիսուսի՝ որ անգամ մը եւս պարզէ եւ ուսուցանէ իր վարդապետութիւնը։
Յիսուս անշուշտ ուրիշ առիթներով ալ իր վարդապետութիւնը կրկնած էր։ Լերան քարոզին մէջ Ան ըսաւ. «Ամէն մարդ, որ իր կնոջ արձակման թուղթ կու տայ առանց պոռնկութեան պատճառի, ան է որ զայն անբարոյականութեան կը մղէ, եւ ով որ արձակուածը առնէ, կ՚ամբարոյականայ» (ՄԱՏԹ. Ե 31-32)։ Ուստի Յիսուս կը սահմանէ ու կը բացայայտէ «անարգութիւն»ը՝ «պոռնկութեան» պարագայով։ Եւ կ՚ազրակացնէ, ըսելով. «Արդ, ի՛նչ որ Աստուած միացուց, մարդ թող չբաժնէ՛» (ՄԱՐԿ. Ժ 9)։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին։ Երկու անձ՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ, երբ կը խոստանան միանալ մինչեւ իրենց կեանքին վերջը այս աշխարհի վրայ, ապա ուրեմն կարելի՞ է, որ անոնք բաժնուին, վերջ տան այդ սրբազան միութեան չնչին, անկարեւոր պատճառներով, եթէ ո՛չ միայն անհաւատարմութեան պարագային՝ որ կը ներկայանայ պոռնուկութեան պարագային, ի՛նչ որ հիմէն կը քանդէ միութիւնը։ Ուստի եւ ամուսնութեան միութիւնը՝ որ փոխադարձ հաւատարմութեան խոստումի վրայ հաստատուած է, եւ որուն շաղախը սէ՛րն է, պէտք է ամուր պահուի ի գին ամէն զիջումի, ամէն զոհողութեան։ Ամուսնութեամբ հաստատուած միութեան կարեւոր ազդակներն են՝ հանդուրժողութիւնը, համբերութիւնը, ներողամտութիւնը եւ երջանկութիւնը…։
Հոս միջանկեալ խորհրդածութիւն մը ընենք։
Եթէ հաւատարմութեան պակասով արտօնուած է ամուսնալուծումը, ապա ուրեմն, ինչո՞ւ մահուամբ վերջանայ, քանի որ անոր ամուր հիմերէն մէկն է սէրը։ Աստուած սէ՛ր է, եւ ուրեմն սէրը մշտնջենաւոր է եւ անմա՛հ, եւ քանի որ սէրը անմահ է, անոր վրայ եւ անով հաստատուած ամուսնութեան սրբազան միութիւնն ալ պէտք չէ՞ որ անվերջ ըլլայ՝ մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի՛, գոնէ այնքան ատեն որ ամուսիններէն մին՝ այր-մարդը կամ կին-մարդը կենդանի է այս աշխարհի վրայ։
Պարզապէս տեսակէտ մը՝ որ հիմնուած է անմահ ու անվերջ սիրոյ հաստատ փա՛ստին վրայ։
Հոս կարելի է խորհիլ սա հարցին վրայ՝ թէ հաւատարմութի՞ւնը կը ստեղծէ սէրը, թէ՝ սէրը։ Մեր համեստ կարծիքով՝ հո՛ն ուր սէր կայ, հոն ամէն ինչ, ամէն առաքինութիւն, ամէն արժէք, ամէն զօրութիւն եւ ամէն լիութիւն կայ, ուրեմն ամուսնական սրբազան միութեան սկզբնակէտն է սէ՛րը, քանի որ Աստուած է ամէն բանի արարիչը, եւ Աստուած սէ՛ր է (Ա. ՅՈՎՀՆ. Դ 7-16)։ Եւ եթէ ամուսնութեան եւ ամուսնալուծման իրողութեան մօտենանք այս տեսանկիւնէն՝ պիտի համոզուինք, թէ ամուսնութիւնը ո՜րքան սրբազան միութիւն մըն է, եւ թէ ամուսնալուծումը՝ ո՜րքան հակառակ իր իմաստին ու էութեան։ Շինուածը քանդել հակառակ չէ՞ բնութեան՝ որ միշտ կը կառուցանէ, միշտ կը վերանորոգէ ամէն ինչ, ամէն իր եւ իրողութիւն…։
Ամուսնութիւնը, արդարեւ կեանքի ամենէն կարեւոր երկրորդ դէպքն է։ Ծնունդը, մահը, եւ այս երկուքին մէջտեղը ամուսնութիւնը։ Ծնունդը պատահական է, իսկ մահը անխուսափելի՛։ Բայց երկուքն ալ անփոփոխելի են եւ յաջորդական, կերպով մը՝ հաստատ, մին սկիզբ, իսկ միւսը՝ վախճա՛ն։
Ուրեմն կարելի է խորհիլ, թէ այս ընթացքին մէջ ամուսնութիւնն ալ հաստատ եւ անփոփոխելի ըլլալու է, որպէսզի ծնունդը կապուի մահուան։
Կեանքի ընթացքին, ելեւէջներ, վերիվայրումներ կը խանգարեն անոր բնութիւնը, բնականութիւնը, մինչդեռ ծնունդ եւ մահ պէտք է միանայ ուղիղ, շիտակ եւ յստակ գիծով մը. կեանքը այս կը պահանջէ՝ ուղիղ ապրիլ, շիտակ գործել եւ թէ՝ յստակ, յայտնի ըլլալ…։ Ուստի ծնունդ եւ մահ, այս երկու ծայրերը պէտք է ամուր կապերով միանան իրարու։ Եւ կեանքը ապրիլ այս կը նշանակէ։ Ուրեմն հաւատարիմ մնալ կոչումին եւ խոստումին՝ չշեղի՛լ «ծնունդ-մահ» գիծէն եւ կեանքի ընթացքը աւարտել առանց զիջում ունենալու մարդկային արժանապատուութենէն, չվիրաւորել զայն, բարձր բռնել մարդկային արժանաւորութիւնը։
Եւ այս տրուպ գրիչը հաւատարիմ մնալով Աւետարանական վարդապետութեան՝ այսպէս կը հասկնայ ամուսնութեան բարձր խորհուրդը եւ ըստ այնմ կը մօտենայ ամուսնալուծման գաղափարին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 25, 2015, Իսթանպուլ