ՍԱՌԸ ՍԱՌՈՎ ՀԱԼԵՑՆԵԼ

Ե­ղա­նա­կի խորհր­դա­նիշն է ձիւ­նը եւ ա­հա­ւա­սիկ ձիւ­նը կ՚իջ­նէ մեծ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ եւ կը տե­ղա­ւո­րուի հետզ­հե­տէ ո՛ւր որ մա­կե­րես մը գտնէ։ Եւ խե՜ղճ ձիւ­նը կը կար­ծէ, թէ իր այս հա­մայ­նա­տա­րած տի­րա­պե­տու­թիւ­նը տե­ւա­կան պի­տի ըլ­լայ եւ յա­ջո­ղու­թեամբ պի­տի պսա­կուի։ «Խե՜ղճ ձիւն», այս ի՜նչ պա­րապ մտա­ծում, ի՜նչ խա­բէու­թիւն, աշ­խար­հի վրայ տե­ւա­պէս մնալ, ան­վերջ տի­րա­պե­տել…։

Պահ մը խոր­հե­ցէք սի­րե­լի­ներ, կա­րե­լի է ո­րե­ւէ բան գո­յա­տե­ւէ ան­վերջ ու ան­սահ­ման կեր­պով, մնա­յուն ըլ­լայ այս աշ­խար­հի վրայ, զոր օ­րի­նակ, մու­թը՝ մո՛ւթ է մին­չեւ որ լոյ­սը ծա­գի ա­նոր մէջ, ինչ­պէս նաեւ ցուր­տը՝ «ցուրտ» է այն­քան ա­տեն որ ջեր­մու­թիւ­նը կու գայ եւ կը տաքց­նէ զայն։ Եւ այս եր­կու օ­րի­նակ­ներն ալ՝ լոյ­սը եւ ջեր­մու­թիւ­նը կու գան ա­րե՛­ւէն։

Ու­րեմն, սի­րե­լի՜­ներ, հոն ուր ա­րեւ կայ, հոն ձիւ­նը այ­լեւս չի՛ կրնար շա­րու­նա­կել իր ժա­մա­նա­կա­ւոր տի­րա­պե­տու­թիւ­նը, եւ ա­րե­ւը մի՛շտ կայ, ու­րեմն ձիւ­նին տի­րա­պե­տու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­ւոր է եւ խա­բէա­կա՛ն։ Եւ նոյնն է մար­դուս զգա­ցա­կան աշ­խար­հի հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը՝ երբ կա՛յ սէ­րը, ա­տե­լու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­ւոր է, երբ կա՛յ խա­ղա­ղու­թիւ­նը, ա­պա ու­րեմն ա­մէն թշնա­մա­կան պայ­քար ան­պայ­մա՛ն վերջ մը պի­տի ու­նե­նայ, ինչ­պէս եւ երբ կա՛յ լոյ­սը, ոչ մէկ խա­ւար մութ կրնայ մնալ։ Ձիւ­նի նման կու գայ ու կ՚եր­թա՜յ…։

Կա­րե­ւո­րը՝ այս հա­կադ­րանք­նե­րը թշնա­մա­կան հան­դի­պում­ներ չեն, այս կեան­քի բնա­կան շրջա­նը, սո­վո­րա­կան բա­ցատ­րու­թեամբ՝ սի­րոյ տար­բեր ձե­ւով ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ։ Ա­մէն մէ­կը կ՚ու­զէ իր սէ­րը յայտ­նել այս աշ­խար­հի նկատ­մամբ եւ կ՚ար­ծես կ՚ը­սէ. «Ե՛ս եմ ա­ւե­լի շատ սի­րո­ղը այս աշ­խար­հը, ու­րեմն աշ­խարհ իմ տի­րա­պե­տու­թեան տակ պէտք է ըլ­լայ…», բայց զանց կ՚առ­նէ նա­խա­դա­սու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը, որ պէտք է ըլ­լայ՝ «… մին­չեւ որ իմ հա­կա­պատ­կեր եղ­բայրս գայ»։­

Աշ­խար­հի վրայ ա­մէն գո­յու­թիւն ու­նի իր հա­կա­պատ­կե­րը, բայց ո՛չ թշնա­մին, եւ այդ հա­կա­պատ­կե՛րն է, որ այդ գո­յու­թեան պահ­պա­նու­մը կ՚ա­պա­հո­վէ։ Ա­մէն գո­յու­թիւն իր ժա­մա­նա­կը ու­նի, ը­սենք՝ հեր­թը, յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը եւ այս յա­ջոր­դա­կա­նու­թեան մէջ կա­տա­րուե­լիք գոր­ծի մը մէջ՝ տի­րող կար­գը, եւ ու­րեմն երբ ա­մէն գո­յու­թիւն իր ժա­մա­նա­կը ու­նի, ու­նի՛ նաեւ իր տե­ղը այս աշ­խար­հի վրայ։ Եւ կեան­քի ըն­թաց­քին՝ նե­ղու­թիւն­ներ, ան­յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, դժուա­րու­թիւն­ներ ալ ժա­մա­նա­կա­ւոր չե՞ն. կու գան, կ՚անց­նին ու կ՚եր­թան։ Ա­նոնց պատ­ճա­ռած ցաւն ու վիշտն ալ ժա­մա­նա­կա­ւոր է՝ այն­քան որ­քան ներ­կայ են ա­նոնք։ Ու­րիշ խօս­քով՝ նե­ղու­թիւն­ներ, դժուա­րու­թիւն­ներ միայն «ներ­կայ»ին մէջ գո­յու­թիւն ու­նին՝ ան­ցեա­լի մէջ պա­տա­հած­նե­րը կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ազ­դե­ցու­թիւ­նը, իսկ ա­պա­գա­յին­նե­րը՝ ար­դէն գո­յու­թիւն չու­նին, ա­նո­րոշ են։

Ձիւ­նին, ցուր­տին օ­րի­նա­կով՝ ե­րէկ չկա­յին, վա­ղը՝ ա­նո­րոշ է, թե­րեւս պի­տի ըլ­լայ ձիւն եւ ցուրտ, թե­րեւս՝ ո՛չ։

Ու­րեմն ի­րա­պէս ապ­րուա­ծը այ­սօրն է՝ ներ­կա՛ն։ Եւ մար­դիկ ներ­կա­յին նե­ղու­թիւ­նը փո­խադ­րե­լով վա­ղուան եւ ան­ցեա­լի նե­ղու­թիւն­նե­րը բար­դե­լով ներ­կա­յին, այ­սօ­րուան նե­ղու­թիւ­նը կ՚ա­ւելց­նեն, նե­ղու­թեան վրայ նե­ղու­թիւն կը դի­զեն եւ այս­պէս նե­ղու­թիւն­ներ եր­բեք չեն վեր­ջա­նար։ Մինչ­դեռ ե­թէ այ­սօ­րուան հո­գը, ներ­կայ նե­ղու­թիւ­նը ե­թէ միայն այ­սօ­րուան՝ ներ­կա­յին մէջ կա­րե­նայ պա­հել մարդ, վա­ղը ա­ւե­լի լու­սա­ւոր պի­տի ըլ­լայ, ա­ւե­լի խա­ղաղ, ա­ւե­լի յոյ­սով լե­ցուն…։

Ար­դա­րեւ սի­րոյ սկզբուն­քը ի զօ­րու է որ­քան հո­գե­ւոր աշ­խար­հի՝ նոյն­քան եւ մարմ­նա­ւոր աշ­խար­հի մէջ։

Ա­մէն քրիս­տո­նեայ կը հա­ւա­տայ «Սի­րոյ ա­ւե­տա­րան»ին եւ կը հե­տե­ւի ա­նոր, քա­նի որ սի­րոյ ա­ւե­տա­րա­նը Քրիս­տո­սի Ա­ւե­տա­րանն է, ա­ւե­լի յստակ ար­տա­յայ­տե­լով՝ Քրիս­տոս ի՛նք կեն­դա­նի «լու­սա­բա­նու­թիւն» մը, բա­ցատ­րու­թիւն մը, մարմ­նա­ցո՛ւն մըն է սի­րոյ ա­ւե­տա­րա­նին։

Եւ հոն ուր սէր կայ, հոն կայ նաեւ յոյս, եւ այս եր­կու­քը ի­րենց հետ ու­նին նաեւ հա­ւատ­քը, որ վստա­հու­թիւն կը նշա­նա­կէ, ա­պա ու­րեմն հոն ուր կայ սէր, հոն այ­լեւս վախ ու մտա­հո­գու­թիւն գո­յու­թիւն չու­նի՛։ Ար­դա­րեւ վստա­հե­լու հա­մար, մարդ պէտք է ճանչ­նայ, սի­րէ եւ յու­սայ, քա­նի որ յոյ­սը լո՛յս է։

Այ­սօ­րուան ձիւ­նէն օ­րի­նակ առ­նենք. սա ինք­նա­հա­ւան, ամ­բողջ աշ­խար­հի տի­րա­պե­տել փոր­ձող, տի­րա­պե­տել կար­ծող ձիւ­նը, վա­ղը եւ կամ յա­ջորդ օր պի­տի կա­րե­նա՞յ պա­հել եւ շա­րու­նա­կել իր գո­յու­թիւ­նը։

Ձիւ­նը այ­սօր գո­յու­թիւն ու­նի, հա­պա վա՞­ղը. ա­նո­րոշ է, բայց ա­րե­ւը այ­սօր ալ կայ, եւ միշտ պի­տի շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ, հոգ չէ թէ ան ժա­մա­նա­կի մը հա­մար ան­տե­սա­նե­լի ըլ­լայ, բայց ա­նոր լոյ­սը եւ ջեր­մու­թիւ­նը միշտ կայ։ Ա­րե­ւին շնոր­հիւ է որ ա­ռա­ւօտ կ՚ըլ­լայ, ա­ռօ­րեայ կեան­քը կը սկսի եւ ա­նոր շնոր­հիւ է որ կեան­քը կը շա­րու­նա­կէ, պի­տի շա­րու­նա­կէ՛։ Բայց ձիւ­նը ա­րե­ւուն պէս չէ՛, այ­սօր կայ, վա­ղը՝ խնդրա­կան է որ ըլ­լայ, այ­սօր տե­սա­նե­լի է, վա­ղը՝ բո­լո­րո­վին պի­տի ոչն­չա­նայ, թե­րեւս յա­ջորդ օ­րե­րուն, բայց ան­պայ­մա՛ն պի­տի կոր­սուի։

Այ­սօր ա­րե­ւը ան­տե­սա­նե­լի է. բայց գո­յու­թիւն ու­նի, երբ ա­րե­ւը ան­տե­սա­նե­լի է, այն պատ­ճա­ռով, որ մեր աչ­քե­րը չեն տես­ներ զայն, մենք է որ չենք տես­ներ ա­րե­ւը այ­սօր, բայց ան կայ, միշտ ալ գո­յու­թիւ­նը պի­տի տե­ւա­կա­նաց­նէ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս պատ­ճա­ռով է որ ը­սինք. ե­թէ յոյս կայ, ա­պա ու­րեմն լո՛յս կայ։ Եւ ե­թէ ա­րե­ւը տես­նե­լու յոյ­սը չենք կորսն­ցու­ցած, ա­հա­ւա­սիկ լո՛յս է մեր կեան­քը։

Եւ ե­թէ մարդ կառ­չի մնայ այ­սօ­րուան ձիւ­նին վրայ եւ կար­ծէ, թէ ամ­բողջ կեան­քը ձիւ­նա­պատ պի­տի մնայ, այն ժա­մա­նակ ո՛չ յոյս եւ ոչ ալ լոյս կ՚ու­նե­նայ, ամ­բողջ կեան­քը կը լե­ցուի ձիւ­նով ու ցուր­տով։ Իսկ ե­թէ գիտ­նայ, թէ վա­ղը, թե­րեւս յա­ջորդ օր այ­լեւս պի­տի եր­թայ ձիւ­նը, այդ իսկ բա­ւա­կան է որ սի­րէ ձիւ­նը՝ ժա­մա­նա­կա­ւոր այս այ­ցե­լուն։

Ձիւ­նը ճեր­մակ է, բայց ան ու­նի միշտ իր հա­կա­դի­րը աշ­խար­հի վրայ՝ սե՛­ւը։ Եւ կեան­քը ի­մաս­տա­լի դարձ­նո­ղը, կեան­քը գե­ղեց­կաց­նո­ղը ա­հա­ւա­սիկ այս ճեր­մա­կը եւ սեւն է, ճեր­մա­կին ու սե­ւին հա­կադ­րու­թիւ­նը, ա­նոնց հան­դի­պումն է որ կեան­քը «կեա՛նք» կ՚ը­նէ, կեան­քը ապ­րիլ իս­կա­պէս հա­ճոյ­քի կը վե­րա­ծուի այս հա­կա­դիր­նե­րու հրա­շա­լի՜ ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ։

Ձիւ­նը գե­ղե­ցի՜կ է, հա­ճո­յա­լի՜ է, քա­նի որ իր ե­տին կայ յոյ­սը ա­րե­ւուն, մարդ գի­տէ, որ ձիւ­նին պի­տի յա­ջոր­դէ ա­րե­ւոտ պայ­ծառ օ­րեր, ջինջ եր­կինք, տա­քուկ մի­ջա­վայր մը եր­ջա­նիկ ապ­րե­լու հա­մար։ Ձիւ­նին պատ­ճա­ռած եր­ջան­կու­թիւ­նը, ա­ւե­լի ճիշդ՝ ու­րա­խու­թիւ­նը կ՚ապ­րին միայն ա­նոնք՝ որ յոյ­սը ու­նին վա­ղուան ա­րե­ւոտ օ­րե­րուն։ Հա­պա ե­թէ ձիւ­նը տե­ւա­կան ըլ­լա՞ր, խոր­հե­ցէք ան­գամ մը սի­րե­լի­ներ, ամ­պա­մած մութ եր­կինք մը, վհա­տու­թիւն պատ­ճա­ռով պաղ, ցուրտ օդ մը, ա­մէն կողմ միայն ճեր­մակ պա­տած, միօ­րի­նակ կեանք մը… եւ ե­թէ ա­րե­ւը բո­լո­րո­վին ան­տե­սա­նե­լի ըլ­լար մեր աչ­քե­րէն, նուազ վա­յե­լէին մար­դիկ ա­նոր լոյ­սը, ա­ւե­լի քիչ զգա­յին ա­նոր կեն­դա­նա­րար ջեր­մու­թիւ­նը, ի՜նչ կ՚ըլ­լար մարդ­կա­յին կեան­քի ա­պա­գան, յա­ռա­ջի­կայ աշ­խար­հը։

Բա­րով ե­կար ձիւն, կը սի­րենք քեզ, բայց միայն որ­պէս սի­րո՜ւն այ­ցե­լու մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 17, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016