ԱՇԽԱՐՀԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ - Ա -
«Ժողովուրդէն մէկը Յիսուսի ըսաւ.- Վարդապե՛տ, ըսէ՛ եղբօրս որ մեր հօր ձգած ժառանգութենէն իմ բաժինս տայ ինծի։
«Յիսուս պատասխանեց.- Ո՛վ մարդ, ո՞վ զիս դատաւոր կամ իրաւունքի բաժանարար կարգեց ձեր վրայ։
«Ապա դառնալով ժողովուրդին, շարունակեց.- Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 13-15)։
«Աշխարհասէր» կը կոչուի այն մարդը՝ որ աշխարհը, աշխարհայինը կը սիրէ եւ արժէք չ՚ընծայեր որեւէ բարոյական էութեան եւ իրողութեան։ Այդպիսիներ, բարոյական ամէն արժէք կը շահագործեն, որպէսզի պահեն այն բոլորը՝ որ կը պատկանի աշխարհի։ Անոնք կը հետաքրքրէ միա՛յն նիւթականը՝ շօշափելին եւ տեսանելին՝ այն որ դրական է, զգալի եւ ստո՛յգ։ Անոնց համար կարեւորութիւն ունի միա՛յն այն՝ որ շահ կ՚ապահովէ, այն՝ որ կ՚աւելցնէ իրենց ստացուածքը, այն՝ որ իրենց սեփականութեան կը պատկանի։ Եւ անոնք չեն վարանիր, եթէ հարկադրուին, օգտագործել բարոյական արժէքները՝ որոնք նախապէս անտեսած էին եւ ուրացած անոնց էութիւնը իրենց կեանքին մէջ։ Բայց բարոյականը նո՛յնքան կարեւոր է եւ էական, որքան նիւթականը, աշխարհայինը։ Կեանքը կարենալ ապրելու համար պէտք է ներդաշնակել այդ երկու արժէքները։ Եւ մանաւանդ, պէտք է որ հոգեւորը եւ աշխարհայինը համեմատաբար եւ ներդաշնակ կերպով ներգործէ կեանքին։ Նաեւ պէտք չէ որ այդ երկուքը խառնուի՝ իրարու մէջ անցնուի եւ մէկը միւսին նախադասուի, կամ գերազանցուի՝ մէկը եւ միւսը իրարու ենթարկուի։ Ուստի բարոյականը եւ աշխարհայինը՝ նիւթականը իրարմէ անկախ ըլլալու է։
Եւ, սիրելի՜ բարեկամներ, ահաւասիկ պատմութիւն մը՝ ուր ցոյց կը տրուի, թէ մարդիկ եւ մանաւանդ երիտասարդներ ո՛րքանով կապուած են նիւթին, աշխարհայինին, ժամանակաւորին եւ անցողիկին։
Արդարեւ ո՞րն է կարեւորը մարդուս համար. հոգեւո՞րը, բարոյականը, թէ աշխարհայինը։
Պատմութիւնը կը ներկայացուի Սամուէլ Սարկաւագ Սաֆարեանի կողմէ՝ «Թանկարժէք նուէրը» խորագրով։ Կարդա՛նք ուրեմն միասին։
«Ուրախ եւ աղմկոտ երեկոյ մըն էր։ Խրախճանքը ոգեւորութեամբ կը շարունակուէր։ Շրջանաւարտները կը տօնէին իրենց չարչարանքի արդիւնքը։
«Աւարտեր էր համալսարանը եւ ամէն մէկը կը մտածէր, թէ ի՛նչ նուէր պիտի ստանայ։ Ոմանք կ՚ակնկալէին ինքնաշարժի բանալին, ոմանք՝ շրջագայութեան տոմս, դրամագլուխ եւ նմանատիպ այլ նուէրներ։
«Կարծես թէ տղաներու միջեւ լուռ մրցակցութիւն մը սկսեր էր՝ թէ ո՛վ եւ ի՛նչ տեսակ նուէր պիտի ստանար։ Անոնց մէջ էր նաեւ Ստեփանը։ Ան տուն երթալու ճամբուն վրայ՝ կը մտածէր, թէ ծնողները իրեն ի՞նչ նուէր պիտի տան։ Հնարաւո՞ր է, որ յանկարծ անոնք խոշո՜ր դրամագլուխ եւ կամ ինքնաշարժ մը չդնեն իր տրամադրութեան տակ։ Իրեն համար իրապէս ամօթ պիտի ըլլար ընկերներուն մօտ, եթէ այդ չիրականանար։ Չէ՞ որ հայրը բարոյական եւ քրիստոնէական խրատներով անոր բազմաթիւ անգամներ հաղորդած էր զերծ մնալ աւելորդ գայթակղութիւններէ եւ բաւարարուիլ ունեցածով։
«Սակայն այդ պա՛հ մըն էր, ան իր երեւակայութեամբ վստա՛հ էր, որ ծնողները անպայման իրեն անակնկալ կը մատուցանեն։ Այս մտածումներով եւ տրամադրութեամբ, տղան դրան զանգակը հնչեցուց, դուռը բացուեցաւ եւ տուն մտաւ։
«Ստեփան չէ՛ր սխալած։ Անոր ընդառաջ եկաւ հայրը եւ ըսաւ.- Սիրելի Ստեփան, սիրելի զաւակս սրտանց կը շնորհաւորենք քեզ այս արդէն սպասուած ուրախ օրուան առիթով։ Որպէս նուէր ընդունէ մեզմէ այս ծրարը։ Բա՛ց եւ ինքդ տես, թէ ի՛նչ կայ անոր մէջ։ Եւ այս ըսելով՝ հայրը յանձնեց ծրարը։
«Յուզմունքէն դողացող ու սարսռացող Ստեփան, նուէրին ծրարը ձեռքերուն մէջ՝ շուռ ու մուռ եկաւ, վերիվայր դառնալ սկսաւ, եւ յետոյ բացաւ…։
«Ծրարին մէջ խաչ մը կը փայլէր։ Ստեփանին այնպէս թուեցաւ, թէ ծնողները իրեն հետ կը կատակեն կամ կը ծաղրեն։ Չափէն աւելի բարկացած, ան վերցուց խաչը, սեղմեց ափին մէջ եւ յետոյ վերջին ծայր մոլեգնած, մէկ կողմ նետեց զայն։
«Խուլ զնգոց մը՝ թրթռացող առարկայի հնչիւն մը լսուեցաւ, կարծես այն կոտրուածը գետին իյնալով։ Իսկ Ստեփանը՝ չա՛ր նայուածքով կը նայէր իր ծնողներուն։ Ի՜նչ սպասած էր եւ ի՛նչով դիմաւորուեցաւ։
«Խե՜ղճ ու գթասիրտ ծնողները, շուարած կը փորձէին իրենց հայեացքները փախցնել՝ խուսափելու համար ամբարտաւան որդիին նայուածքներէն։
«Բայց քիչ յետոյ անոնք նետուեցան դէպի խաչը։ Ինքզինք զսպելով, հայրը ըսաւ.- Կը տեսնեմ, թէ ո՜րքան եւս իւրացուցեր ես տարիներու ուսումդ, ո՛րքան կը յարգես բարոյական արժէքները ու սրբութիւնը՝ ուր նոյնիսկ ծածուկ պահուած է քու ողորմելի երջանկութիւնը։ Մօտեցի՛ր եւ տես. խաչը բարեբախտաբեր չէ կոտրած, այն բացուած է, որովհետեւ ան գեղեցիկ եւ օրհնուած տուփով կը ներկայացնէ այն նուէրը՝ որ ինքնաշարժի բանալին մէջէն գետին գլորած է։ Սակայն խաչաձեւ տուփը գեղեցիկ ըլլալէ աւելի իւրայատուկ է նաեւ այն իրողութեամբ, որ ինծի համար բացայայտեց որդիիս իրակա՛ն արժանիքը։
«Հայրական անկեղծ նախատինքի ու յանդիմանութեան ամէն մէկ հնչիւն արձանագրուեցաւ Ստեփանին հոգիին վրայ եւ խորապէս ցնցեց զայն։
«Ստեփան հեկեկալով ծունկերուն վրայ փլաւ։ Ան չէր գիտեր, թէ նախ ներում պէտք էր խնդրե՞ր խաչը անարգած ըլլալուն համար, թէ՝ ծնողները վիրաւորած ըլլալուն համար։
«Իսկ դուք, սիրելինե՜ր, ի՞նչ է ձեր կարծիքը»։
Յովսէփ Աւագ Քահանայ Յակոբեանի կողմէ մեզի փոխանցուած այս պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ այն երիտասարդները՝ որոնք կը ստորագնահատեն իրենց ծնողներու՝ իրենց համար ըրած զոհողութիւնները, անձնուիրութիւնները, նիւթական եւ բարոյական ընծաները, պարգեւները եւ կը փորձեն աւելիին, մի՜շտ աւելիին տիրանալ…։
Եւ անոնք չեն խորհիր թէ՝ օր մը իրենք ալ «ծնող» պիտի ըլլան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 2, 2016, Իսթանպուլ