Նոր Ջուղայի Հին Հայկական Տուները Վերահսկողութեան Տակ Կը Գտնուին. Իրանցի Փրոֆեսըր
Իրանի Սպահան քաղաքին մէջ գտնուող Նոր Ջուղայ թաղամասէն ներս, երբ 1985 թուականին եղած է երեք հարիւր հայկական տուն, այսօր պահպանուած է ընդամէնը եօթանասունը: Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկին մէջ Հայաստանի Քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Նոր Ջուղայ» խորագիրը կրող գիտաժողովին ժամանակ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Իրանի Սպահան քաղաքի Նոր Ջուղայի եւ յարակից շրջաններու հայկական վտանգուած յուշարձաններու հետազօտող, Սպահանի համալսարանի Արուեստի բաժանմունքի Փրոֆ. Ահմէտ Մոնթազէր:
Ըստ անոր, պետականօրէն որեւէ աւերածութիւն չէ եղած, այլ անուշադրութեան եւ անփութութեան հետեւանք այդքան բնակելի տուներ քանդուած են այս ընթացքին:
«Եղած են դէպքեր, որ Հին Ջուղայի բնակիչը իր տունը վաճառած է մէկու մը, որուն համար այդ հնութիւնը պահպանելը կարեւոր չէ եղած, քանդած է ու նորը կառուցած է անոր տեղ: Նման դէպքեր արձանագրուած են հիմնականօրէն Իրանի յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին, երբ վերահսկողութիւն չկար. հնավայրերը աւերուեցան, նորերը կառուցուեցան` եկամուտնի նպատակով: Եղան դէպքեր, որ նոյն տեղի բնկիչները արտագաղթեցին Ջուղայէն եւ տարբեր շրջաններէն եկան բնակելու այդտեղ նոր հայեր, որոնք քանդեցին հին տուները ու նորը կառուցեցին», ըսած է ան:
Ահմէտ Մոնթազէրի խօսքով, Իրանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւնը այժմ հսկողութեան տակ առած է Նոր Ջուղայի տարածքը, որպէսզի այլեւս հին տուներ չքանդուին: Ըստ անոր, հակառակ այդ վիճակին, այժմ Սպահանի ամենագեղեցիկ վայրը, որ նաեւ հնութիւն կը համարուի, Նոր Ջուղան է:
«Ծրագիր կայ, որուն համաձայն կ՚ուզեն այնպէս ընել, որ այդ տարածքը մեքենաներ մուտք չգործեն, այլ միայն քալելով հնարաւոր ըլլայ շրջիլ ամբողջ տարածքով: Բացի այդ, մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութեան կողմէ գնուած է տասը տուն, նորոգուած է, որոնք պիտի ըլլան մշակոյթի զարգացման կեդրոններ: Այդ տուներէն մէկուն մէջ արդէն կը գործէ համալսարան, որ կը զբաղի Նոր Ջուղայի մշակոյթի ուսումնասիրութեամբ», ըսած է իրանցի ճարտարապետը:
Անոր համաձայն՝ Ջուղայի մէջ կառուցուած հայերու ու պարսիկներու տուները կը տարբերին իրարմէ: Հայերու տուներուն սկիզբը այգի է, այնուհետեւ նոր բնակելի մասը, պարսկական տուները երկու մասէ բաղկացած են, ունին հիւրերու համար նախատեսուած յատուկ մաս եւ ընտանիքին ապրելու համար մաս: Թէ՛ հայերու եւ թէ պարսիկներու տուները կառուցուած են աղիւսով եւ կաւով, ինչպէս Ջուղայի եկեղեցիները: Ըստ Մոնթազէրի, քար ընդհանրապէս չէ օգտագործուած, քանի որ այդ տարածքին մէջ քար քիչ կայ: Հայկական տուները հիմնականօրէն մէկ-երկու յարկանի են: