«ՄԱՐԱԼ»Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի երիտասարդաց խումբին ներկայացուցիչները։ Յարութիւն Քուրանի կողմէ գլխաւորուած խումբը Գումգաբուի մէջ Նորին Սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ծաւալած գործունէութեան շուրջ։ Հարկ է նշել, որ այս խումբը նախապէս Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութիւնը ապահոված էր՝ մշակութային գետնի վրայ աշխատանք յառաջ տանելու համար։ Այս խումբին նպատակն է համայնքային վարժարաններու 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու աշակերտներուն համար ընձեռել հնարաւորութիւններ՝ որպէսզի անոնք կարենան մասնակցութիւն բերել գեղարուեստական ձեռնարկներու։ Կը ծրագրուի յիշեալ աշակերտներուն մասնակցութեամբ հետագային կազմակերպել միջվարժարանային մրցում մը, որ առիթ պիտի հանդիսանայ ցուցադրել աշակերտներու տաղանդները, իրենց սորված երգերն ու պարերը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գնահատեց երիտասարդներուն կողմէ տարուած այս աշխատանքը։ Անոնք սիրայօժար ծառայութիւն կը մատուցանեն ու կ՚աշխատին, որպէսզի համայնքէն ներս նոր սերունդը հաղորդ դառնայ մեր մշակոյթին, երգին ու պարին։ «Մարալ»ի երիտասարդները Պատրիարքարանէն հրաժեշտ առին Ընդհանուր Փոխանորդի խրախուսական խօսքերն ու գնահատանքը լսելով եւ օրհնութիւնները ստանալով։