Տարուան մը հաշուեկշիռը - Բ

«Քամփ Ար­մէն»ի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­դար­ձուի­լը հիմ­նա­կան շօ­շա­փե­լի ար­դիւնքն է շուրջ մէկ տա­րուան այս աղմ­կա­լի գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ Սա ե­ղաւ կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջամ­տու­թեամբ։ Ա­նոնք, ո­րոնք քիչ թէ շատ ծա­նօթ են ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, կը գի­տակ­ցին՝ թէ ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան ու­նե­ցած է կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը։

Այս ար­դիւն­քը բնո­րո­շեց գոր­ծըն­թա­ցի բե­կում­նա­յին պա­հը։ Մինչ այդ մղուած պայ­քա­րը, ո­րոշ չա­փով, ըն­թա­ցաւ խու­ճա­պի մը, պոռթ­կու­մի մը մթնո­լոր­տին մէջ, ինչ որ ար­ձա­գանգ ստեղ­ծեց նաեւ տե­ղա­կան զան­գուա­ծա­յին մի­ջոց­նե­րուն մօտ։ Այդ հրա­տապ ի­րա­վի­ճա­կը եւ ար­դիւն­քին կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ կա­տա­րուած դրա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը, վեր­ջին հա­շուով, կ՚ար­դա­րաց­նեն կա­տա­րուած­նե­րը։ Բնա­կա­նա­բար, այդ գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ներգ­րա­ւուած շրջա­նակ­նե­րու գոր­ծե­լաո­ճին ալ հար­ցաքն­նու­թիւ­նը այ­սօր ար­դէն ա­ւե­լորդ կը հա­մա­րուի՝ ար­ձա­նագ­րուած յա­ջո­ղու­թեան բե­րու­մով։ Այս բո­լո­րով հան­դերձ այժ­մէա­կան կը մնայ այն հար­ցու­մը, թէ ո՛ւր է Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին։ Այն հաս­տա­տու­թիւ­նը, որ այ­սօր տէրն է «Քամփ Ար­մէն»ին եւ այն հաս­տա­տու­թիւ­նը, ո­րուն վե­րա­դար­ձուած է ճամ­բա­րին կա­լուա­ծա­թուղ­թը՝ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։

Ֆէ­րի­գիւ­ղի մէջ կազ­մա­կեր­պուած վեր­ջին քննար­կու­մը նոր սկիզբ մը կը հա­մա­րուի «Քամփ Ար­մէն»ի հար­ցին մէջ։ Ե­թէ ցարդ կա­տա­րուած­նե­րը ա­պա­հո­վուած դրա­կան ար­դիւն­քին բե­րու­մով ար­դէն նուի­րա­գոր­ծուած են, ա­պա ան­վի­ճե­լի է, որ յա­ռա­ջի­կա­յին ա­ւե­լի կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած գոր­ծե­լաո­ճով, ա­ւե­լի հիմ­նա­ւո­րուած մտայ­նու­թիւ­նով մը պէտք է յա­ռաջ տա­նիլ այս գոր­ծըն­թա­ցը։ Եւ այս ամ­բող­ջին մէջ պէտք է ա­ւե­լի թա­փան­ցիկ գոր­ծու­նէու­թիւ­նով հան­դէս գայ Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի հա­ւա­քոյ­թը կազ­մա­կեր­պուած էր չորս լծակ­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք էին՝ «Հայ­ճար», «Միտք» հար­թա­կը, «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կը եւ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին։ Ա­ռա­ջին ե­րե­քը որ­քան որ ալ ող­ջու­նե­լի եւ նպա­տա­կաս­լաց գոր­ծու­նէու­թիւն մը ծա­ւա­լած ըլ­լան այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, որ­քան որ ալ վա­յե­լեն ընդ­հա­նուր հա­մակ­րանք մը, այս գոր­ծին մէջ դժուար թէ հա­ւա­սար դա­սուին Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ։ Եր­կար տա­րի­ներ հա­մայն­քա­յին ի­րա­կա­նու­թե­նէն գրե­թէ կտրուած մնա­լէ վերջ, ա­նան­տե­սե­լի է, որ Վե­րա­պա­տուե­լի Գրի­գոր Ա­ղա­պա­լօղ­լու վեր­ջին շրջա­նին սկսած է վերս­տին հա­մար­կիլ մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քին։ Ան նոյ­նիսկ հա­յա­խօ­սու­թեան նկատ­մամբ զգայ­նու­թեան տե­ղին պատ­գամ­ներ կը փո­խան­ցէ զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով եւ իր յա­մառ ջան­քե­րով սոր­ված հա­յե­րէ­նով կ՚ար­տա­յայ­տուի հրա­պա­րա­կա­յին ա­ռիթ­նե­րով։ Ա­ղա­պա­լօղ­լու այս հանգ­րուա­նին պէտք է խո­րաց­նէ իր այդ հա­մարկ­ման ջան­քե­րը։ Սա անհ­րա­ժեշտ նա­խա­պայ­ման մըն է՝ «Քամփ Ար­մէն»ի ճա­կա­տա­գի­րը նպա­տա­կաս­լաց ձե­ւով տնօ­րի­նե­լու եւ լայ­նա­խա­րիսխ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ ա­նոր հա­մար ե­րաշ­խա­ւո­րեալ հե­ռան­կար­ներ ա­պա­հո­վե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

«Քամփ Ար­մէն»ի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին վե­րա­դար­ձուի­լը կը նշա­նա­կէ հսկա­յա­կան հարս­տու­թեան մը հա­մար ո­րո­նել ա­պա­գայ։ Սա մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մըն է Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ տե­սա­կէ­տէ։ Մին­չեւ այ­սօր որ­դեգ­րուած գոր­ծե­լաո­ճը կրնայ ըլ­լալ, որ ի սէր կա­լուա­ծա­թուղ­թին հա­մա­րուի ար­դա­րա­ցեալ, սա­կայն ե­թէ նոյն ըն­թաց­քը շա­րու­նա­կուի, այս նոր ի­րա­վի­ճա­կին մէջ, կրնայ յա­ռա­ջա­նալ հա­մայն­քը կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թեան մը առ­ջեւ կանգ­նեց­նե­լու տպա­ւո­րու­թիւ­նը։ Վե­րա­պա­տուե­լի Ա­ղա­պա­լօղ­լու, ո­րու ան­ձին մէջ կը ներ­կա­յա­նայ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին, պէտք է ա­ւե­լի հան­դէս գայ բաց հան­րա­յին կար­ծի­քին առ­ջեւ եւ իր ծանր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան յա­րիր ձե­ւով։ Ա­յո՛, կա­լուա­ծա­թուղ­թը թէեւ վե­րա­դար­ձուած է ե­կե­ղեց­ւոյ, բայց ո՞ւր է այ­սօր ճամ­բա­րին տէ­րը։ Գոր­ծըն­թա­ցը ներ­կա­յիս այն­պէս մը կը հու­նա­ւո­րուի, որ կար­ծես ճամ­բա­րը յստակ տէր մը, տի­րա­կան մը չու­նե­նար։ Հե­տե­ւա­բար, հա­սա­րա­կա­կան բո­լոր լծակ­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը չան­տե­սե­լով, պայ­քա­րին նպաս­տած բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն նկատ­մամբ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան մէջ չթե­րա­նա­լով եւ ա­նոնց ա­պա­գայ ա­ջակ­ցու­թե­նէն չհրա­ժա­րե­լով հան­դերձ, Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին անհ­րա­ժեշտ է, որ այ­լեւս հան­դէս գայ ա­ւե­լի նա­խա­ձեռ­նող եւ ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տու ձե­ւով։ Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք, շուրջ տա­րիէ մը ի վեր, այս­քան ճա­կա­տագ­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, ե­կե­ղե­ցին չէ զի­ջա­նած նոյ­նիսկ պաշ­տօ­նա­կան տար­րա­կան զե­կոյց մը հրա­պա­րա­կել մեր մա­մու­լին մէջ՝ լու­սա­բա­նե­լու հա­մար մեր հա­մայն­քը։ Այ­սօր մար­դիկ կը փոր­ձեն շարժ­ման ան­ցը­նել այն նոյն հա­մայն­քը, որ­մէ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին զլա­ցած է նուա­զա­գոյն պաշ­տօ­նա­կան բա­ցատ­րու­թիւ­նը։ Այս բո­լո­րը մե­ղադ­րանք­ներ չեն։ Այս բո­լո­րը չեն ը­սուիր մար­դոց ե­ռան­դը խան­գա­րե­լու հա­մար։ Բայց եւ այն­պէս, այս բո­լո­րը պէտք է հա­շուի առ­նուին, որ­պէս­զի գոր­ծըն­թա­ցը շա­րու­նա­կուի ա­ւե­լի ա­ռողջ հու­նի մը մէջ։ «Քամփ Ար­մէն»ի պա­րա­գա­յին ան­տի­րու­թեան տպա­ւո­րու­թիւն մը պէտք չէ ստեղ­ծուի։

Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին պէտք է յստակ ձե­ւով յայ­տա­րա­րէ, թէ ինչ կը նա­խա­տե­սէ ճամ­բա­րի տա­րած­քի ա­պա­գա­յին հա­մար։ Այդ տա­րած­քը դար­ձեալ որ­պէս ճամ­բա՞ր պի­տի օգ­տա­գոր­ծուի։ Ե­թէ ա­յո, ա­պա մա­սա՞մբ, թէ ամ­բող­ջու­թեամբ։ Ե­թէ պի­տի ըլ­լայ մա­սամբ, ա­պա մնա­ցեալ բա­ժի­նը ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ։ Իսկ ե­թէ ոչ, տա­րած­քը ի՞նչ նպա­տա­կի պի­տի ծա­ռա­յէ եւ ի՞նչ հիմ­նա­ւո­րու­մով։ Ե­թէ այն­տեղ շի­նա­րա­րու­թիւն­ներ պի­տի կա­տա­րուին, ա­պա ո՞ր գոր­ծըն­կեր­նե­րով եւ ո՞ր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րով պի­տի ձեռ­նար­կուի այդ գոր­ծին։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը պէտք է լու­սա­բա­նուի նաեւ, թէ ի՞նչ նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րով կ՚ընտ­րուին այդ գոր­ծըն­կեր­նե­րը կամ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը։ Այս բո­լո­րը զուտ կաս­կա­ծամ­տու­թիւն­նե­րու կամ անվս­տա­հու­թիւն­նե­րու ձե­ւով պէտք չէ ըն­կա­լուին։ «Քամփ Ար­մէն»ի հա­մար մղուած պայ­քա­րի եր­կա­րա­ժամ­կէտ ար­ժե­ւոր­ման եւ նուի­րա­գործ­ման տե­սա­կէ­տէ անհ­րա­ժեշտ գոր­ծե­լաո­ճը պէտք է ըլ­լայ այս մէ­կը։

Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին ող­ջու­նե­լի քայլ մը կ՚առ­նէ՝ ժո­ղովր­դա­կան խա­ւե­րու տրա­մադ­րու­թիւ­նը շօ­շա­փե­լով «Քամփ Ար­մէն»ի ա­պա­գա­յին շուրջ։ Սա իս­կա­պէս ող­ջու­նե­լի է, սա­կայն այդ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը չի նշա­նա­կեր, որ ե­կե­ղե­ցին ինքն ալ՝ որ­պէս ճամ­բա­րին սե­փա­կա­նա­տէ­րը, աշ­խա­տի այդ ո­րո­նում­նե­րուն հետ հա­մա­քայլ։ Ճիշդ է, որ ա­կանջ պէտք է տալ ժո­ղո­վուր­դի սպա­սում­նե­րուն, ճիշդ է, որ հա­մայն­քի կա­րիք­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով պէտք է ա­ռաջ­նոր­դուիլ, սա­կայն ի վեր­ջոյ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին նախ եւ ա­ռաջ պէտք է յստակ ձե­ւով հա­մայն­քը տե­ղեակ պա­հէ, թէ գո­նէ սկզբուն­քօ­րէն ի՞նչ տես­լա­կան ու­նի «Քամփ Ար­մէն»ի ա­պա­գա­յին հա­մար։

Վե­րա­պա­տուե­լի Ա­ղա­պա­լօղ­լուին կը վի­ճա­կի ծանր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ ան պէտք է կա­ռա­վա­րէ բարդ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րով գոր­ծըն­թաց մը եւ այդ գոր­ծըն­թա­ցը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կ՚են­թադ­րէ շարք մը քայ­լեր, ո­րոնց ծան­րու­թիւ­նը ու­րիշ­նե­րու հետ չի կրնար բաժ­նել Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին։

Կը մաղ­թենք, որ այս ճա­կա­տագ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ չյա­ռա­ջա­նան յու­սա­խա­բու­թիւն­ներ եւ «Քամփ Ար­մէն»ի ա­պա­գան ըլ­լայ թէ՛ փայ­լուն եւ թէ օ­րի­նա­կե­լի։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

- ՎԵՐՋ -

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016