ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Եկեղեցիներու համատեղ գործողութիւն» համադաշնակցութեան (ACT Alliance) ղեկավար խորհուրդի անդամները։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» բարեգործական միջեկեղեցական հիմնադրամի տնօրէն Տքթ. Կարէն Նազարեան, որ կ՚անդամակցի այս համադաշնակցութեան ղեկավար խորհուրդին։
ACT Alliance-ի խորհուրդը, որ կը բաղկանայ քրիստոնէական զանազան կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու 19 ներկայացուցիչներէ, վերջին օրերուն իր հերթական տարեկան ժողովը գումարեց Հայաստանի մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին Կարէն Նազարեան խորհուրդի անդամները ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին։ Ան յայտնեց, թէ այս համադաշնակցութիւնը իր գործունէութիւնը կ՚իրականացնէ հիմնական երեք ուղղութիւններով, որոնք են՝ արտակարգ իրավիճակներու մէջ օգնութեան մատակարարման, զարգացման ծրագրերու իրականացման, ընկերային առումով խոցելի խումբերու իրաւունքներու պաշտպանութեան բնագաւառները։
Ապա խորհուրդի անդամներուն անունով արտայայտուեցաւ ACT Alliance-ի ղեկավար մարմնի համակարգող Սուշանթ Ակարվալ (Հնդկաստան)։ Այս վերջինը նախ Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան եւ օրհնութեան համար։ Ան ապա անդրադարձաւ կազմակերպութեան առաքելութեան ու նշեց, թէ խորհուրդի անդամները կը ներկայացնեն զանազան աշխարհամասեր, մաս կը կազմեն Քրիստոսի Ընդհանրական Եկեղեցւոյ եւ իրենց ջանքերը կ՚ուղղեն արտակարգ իրավիճակներու հետեւանքով տուժածներուն, ինչպէս նաեւ կը ջանան զօրակցիլ այն անձերուն, որոնք աշխարհի զանազան հատուածներուն մէջ կը տառապին ու կը չարչարուին։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց այս համադաշնակցութեան ստանձնած առաքելութիւնը եւ անոր օգտաշատ գործունէութիւնը։ Ըստ Նորին Սրբութեան, այս շրջանին, երբ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն պատճառով խաթարուած է հայոց սահմաններուն անդորրը, տասնեակ երիտասարդներ զոհուած են եւ բազում հայորդիներ ստիպողաբար դարձած գաղթական՝ այս համադաշնակցութեան ղեկավար խորհուրդի ժողովին Հայաստանի մէջ գումարուիլը կը դիտարկուի իբրեւ առանձնայատուկ ներդրում տարածքաշրջանէ ներս խախաղութեան հաստատման ճանապարհին։
Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց այն ծրագրերը, որոնք հայոց եկեղեցւոյ կողմէ ի գործ կը դրուին Արցախին զօրակցելու նպատակով։ Ան միեւնոյն ժամանակ իր հայրապետական գնահատանքը փոխանցեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» հիմնադրամին եւ ACT Alliance-ին կողմէ վերջին օրերուն Արցախի ժողովուրդին համար ցուցաբերուած նիւթական աջակցութեան կապակցութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ Տէրը զօրացնէ Իր Սուրբ Եկեղեցին, որպէսզի նմանօրինակ մարդասիրական ծառայութիւններու շնորհիւ կերտուի առաւել բարօր աշխարհ մը՝ խարսխուած ազգերու, ժողովուրդներու ու կրօններու միջեւ փոխադարձ սիրոյ եւ համերաշխութեան վրայ։
Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան՝ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ տեղւոյն հայ համայնքին ի նպաստ։
Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։