ՃՈՒԼԻԱ ՄՈՒԹԼՈՒԻ ԽՈՒՄԲԸ ՍՈՖԻԱՅԻ ՄԷՋ
Յայտնի արուեստագիտուհի Ճուլիա Մութլուի խումբը ներկայիս կ՚այցելէ Սոֆիա։ 35 հոգիէ բաղկացեալ կազմը Սոֆիայի մէջ հանդէս պիտի գայ «101 տարի, 101 տարազ» խորագրեալ ելոյթով։ Սոֆիայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Պուլկարիոյ մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ նախատեսուած է ձեռնարկը, որ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ 800 հոգինոց սրահի մը մէջ։
Ճուլիա Մութլուի խումբը պիտի կրկնէ Հայաստան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին ներկայացուցած ծրագիրը։ Հայկական աւանդական տարազներով տողանցքի առընթեր, երկու ժամուան այս ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ երգեր ու պարեր։ Մեներգիչը պիտի ըլլայ Մարալ Ադաման։
Այցելութեան ընդառաջ խմբագրատունս այցելեցին Ճուլիա Մութլու, Տիանա Գամբարոսեան եւ Ժանին Փափազեան։ Զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, թէ ուղեւորութեան ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ Փլովտիւ քաղաքը։ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կատարուած փորձերէն վերջ, Վազգէն Պարընի ջանքերով Շիշլիի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած օթօպիւսով մը խումբը կը ճամբորդէ դէպի Պուլկարիա։
Ճուլիա Մութլուի խումբը քաղաքս պիտի վերադառնայ յաջորդ շաբթուան սկիզբին։