ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհարանի գահասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի համատեղ հռչակագրի ստորագրման արարողութիւնը։ Երկու եկեղեցիներու հայրապետներու համատեղ հռչակագրին մէջ ըսուած է հետեւեալը.
Այսօր համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Սուրբ Էջմիածնի մէջ, մենք՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ֆրանսիսքոս Պապը կ՚ընծայենք մեր միտքերը եւ սիրտերը որպէս շնորհակալութեան տուրք Ամենակարողին՝ պայքարով քայքայուած եւ սփոփանքի ու յոյսի ծարաւով լեցուն աշխարհի մէջ շարունակելու եւ մեծցնելու հաւատի ու սիրոյ սերտ կապերը Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ միջեւ՝ փրկութեան աւետարանական ուղերձի իրենց համընդհանուր վկայութեամբ։
Մենք փառաբանենք ամենասուրբ Երրորդութիւնը՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, մեզի ընձեռուած հնարաւորութեան համար՝ մէկտեղուելու աստուածաշնչեան Արարատի երկրին մէջ, որ կանգուն է որպէս վկայութիւն, թէ Աստուած է միշտ մեր պաշտպանութիւնն ու փրկութիւնը։
Գոհունակութեամբ ու հոգեւոր ուրախութեամբ կ՚անդրադառնանք, որ 2001 թուականին քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակին առթիւ Հայաստան այցելեց Սուրբ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապը՝ որպէս Հայ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու եղբայրական ջերմ յարաբերութիւններու պատմութեան նոր էջի վկայութիւն։ Մենք երախտապարտ ենք, որ շնորհն ունեցած ենք միասին ըլլալու Հռոմի Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ, հանդիսաւոր պատարագի ժամանակ, 2015 թուականի Ապրիլի 12-ին, ուր մենք մեր յանձնառութիւնը արտայայտեցինք հակադարձելու բռնութեան ու անհանդուրժողութեան իւրաքանչիւր դրսեւորման՝ վերակոչելով զայն, ինչ որ արդէն հաստատուած էր Յովհաննէս-Պօղոս Բ.-ի եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ ստորագրուած յայտարարութեան մէջ, թէ «մէկուկէս միլիոն հայ քրիստոնեաներու բնաջնջումը ընդհանրապէս կ՚ընկալուի իբրեւ Ի. դարու առաջին ցեղասպանութիւնը» (համատեղ յայտարարութիւն, Գարեգին Բ. եւ Յովհաննէս-Պօղոս Բ., 27 Սեպտեմբեր 2001 թուական)։
Փառք Բարձրեալին, որ այսօր քրիստոնէական հաւատը կենսունակ իրականութիւն է Հայաստանի մէջ եւ Հայոց Եկեղեցին իր լիարժէք առաքելութիւնը կ՚իրականացնէ՝ եկեղեցիներու միջեւ տիրող համագործակցութեան եղբայրական ոգիով նեցուկ ըլլալով հաւատացեալներուն՝ զօրակից, արդար եւ խաղաղ աշխարհի կերտման գործին մէջ։ Ցաւօք, մենք վկաներն ենք մեր աչքերու առջեւ տեղի ունեցող մեծ ողբերգութեան մը՝ անթիւ, անհամար մարդոց սպանութիւններու, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ աշխարհի այլ ծագերուն էթնիք, տնտեսական, քաղաքական եւ կրօնական հիմքերու վրայ զարգացող շարունակական բնոյթի հակամարտութիւններով թելադրուած տեղահանումներու կամ պարտադրուած ցաւալի ու անորոշ աքսորներու։ Այդ բոլորի հետեւանքով կրօնական եւ էթնիք փոքրամասնութիւնները դարձած են հալածանքներու եւ դաժան վերաբերմունքի թիրախ, այն առումով, որ սեփական կրօնական համոզման համար տառապիլը դարձած է ամենօրեայ իրականութիւն։ Նահատակները կը պատկանին բոլոր եկեղեցիներուն եւ անոնց տառապանքը «արեան էքիւմենիզմ» է, որ կ՚անդրանցէ քրիստոնեաներու միջեւ առկայ պատմական բաժանումները՝ մեր բոլորը կոչելով նպաստել Քրիստոսի առաքեալներու տեսանելի միասնականութեան։ Մենք, Սուրբ Առաքեալներու՝ Պետրոսի եւ Պօղոսի, Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի բարեխօսութեամբ, միասնաբար կ՚աղօթենք, որպէսզի սրտերու փոփոխութիւն տեղի ունենայ բոլորին մէջ, անոնց, որոնք կը գործեն այսպիսի յանցանքներ եւ անոնց, որոնք դիրքին շնորհիւ կրնան կանգնեցնել բռնութիւնները։ Մենք կը յորդորենք ազգերու առաջնորդներուն՝ ունկնդրելու կոչը միլիոնաւոր մարդկային արարածներու, որոնք խաղաղութիւն եւ արդարութիւն կը տենչեն աշխարհի վրայ, որոնք յարգանք կը պահանջեն իրենց աստուածատուր իրաւունքներուն նկատմամբ, որոնք անյապաղ կարիք ունին հացի, այլ ոչ թէ զէնքերու։
Ցաւօք, մենք ականատես ենք կրօնի եւ կրօնական արժէքներու արմատական դրսեւորումներու, որոնք կը կիրառուին՝ ատելութիւնը, խտրականութիւնը ու բռնութեան տարածումը արդարացնելու համար։ Նմանատիպ յանցանքներու՝ կրօնական գաղափարներով արդարացումը անընդունելի է, քանի որ «Աստուած խռովութեան Աստուածը չէ, այլ խաղաղութեան» (Ա ԿՈՐ. 14։ 33)։ Աւելին, կրօնական տարբերութիւններու հանդէպ յարգանքը անհրաժեշտ պայման է էթնիք ու կրօնական տարբեր համայնքներու խաղաղ համակեցութեան համար։ Եւ քրիստոնեայ ըլլալով իսկ է, որ մենք կոչուած ենք խաղաղութեան ու հաշտութեան ուղիներ փնռտելու եւ իրագործելու։ Այս իմաստով մենք կը յուսանք, որ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերեալ հարցերը կը գտնեն խաղաղ լուծում։
Յիշելով այն ամէնը, ինչ որ Յիսուս սորվեցուց Իր աշակերտներուն, երբ Ան ըսաւ. «Ես անօթի էի եւ դուք ինծի հաց տուիք, ես ծարաւ էի եւ դուք ինծի խմելու բան մը տուիք, ես օտարական էի, եւ դուք ինծի ընդունեցիք, ես մերկ էի եւ դուք ինծի հագցուցիք, ես հիւանդ էի, դուք ինծի այցելեցիք, ես բանտարկուած էի եւ դուք եկաք ինծի տեսութեան» (ՄԱՏ. 25։ 35-36), մենք կը խնդրենք մեր եկեղեցիներու հաւատացեալներէն բանալ իրենց սրտերն ու ձեռքերը՝ օգնելու պատերազմի եւ ահաբեկչութեան զոհերուն, փախստականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Կը կարեւորուի մեր մարդասիրութեան զգացումը, մեր զօրակցութիւնը, կարեկցանքը եւ մեծահոգութիւնը, որոնք կրնան ճիշդ արտայայտուիլ միայն ներկայ նիւթական պաշարներու անյապաղ եւ գործնական նուիրատուութեամբ։
Մենք կ՚ընդունինք այն ինչ, որ արդէն իսկ կը կատարուի, բայց կը պնդենք, որ աւելին պէտք է կատարուի քաղաքական առաջնորդներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ, որպէսզի ապահովուած ըլլայ բոլորի՝ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ ապրելու իրաւունքը, պաշտպանուած ըլլայ օրէնքի գերակայութիւնը, կրօնական եւ էթնիք փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, կանխուած ըլլան մարդկային թրաֆիքինկը եւ մաքսանենգութիւնը։
Հասարակութեան ստուար հատուածներու աշխարհիկացումը, օտարումը հոգեւորէն եւ աստուածայինեն, անխուսափելիօրէն տեղի կու տան մարդու եւ մարդկային ընտանիքի ապասրբացման ու նիւթապաշտական ընկալման։ Այս առումով մենք մտահոգ ենք բազմաթիւ երկիրներու մէջ ընտանեկան կեանքի ճգնաժամով։ Հայ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիները ընտանիքի մասին ունին նոյն ընկալումը, որ հիմնուած է ազատ կամքով ու հաւատարմութեամբ ծնած սիրոյ արդիւնք հանդիսացող տղամարդու եւ կնոջ ամուսնութեան վրայ։
Մենք ուրախութեամբ կ՚արձանագրենք, որ հակառակ քրիստոնեաներու միջեւ առկայ բաժանումներուն, այն ինչ, որ մեզի կը միաւորէ, աւելին է, քան այն ինչ, որ մեզի կը բաժնէ եւ այս մէկուն վրայ ալ պէտք է կառուցել Քրիստոսի եկեղեցւոյ միութիւնը, ըստ Տիրոջ խօսքին, թէ բոլորը մէկ ըլլան (ՅՈՎ. ԺԷ 21)։ Վերջին տասնամեակներուն մեր եկեղեցիներու յարաբերութիւնները թեւակոխած են որակապէս նոր փուլ՝ ամրապնդուած ըլլալով համատեղ աղօթքներով եւ ժամանակակից մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միասնական ջանքերով։ Մենք այսօր համոզուած ենք այս յարաբերութիւններու շարունակականութեան խիստ կարեւորութեան մէջ՝ երկուստեք առաւել խոր եւ վճռական յանձնառութեամբ ոչ միայն աստուածաբանական մարզի մէջ, այլեւ աղօթական եւ գործնական համագործակցութեամբ տեղական համայնքներու մէջ՝ լիարժէք հաղորդակցութիւն եւ միութեան յստակ արտայայտութիւններ բաժնելու տեսլականով։ Մենք կը յորդորենք մեր հաւատացեալներուն ներդաշնակ կերպով աշխատիլ հասարակութեան մէջ զօրացնելու համար քրիստոնէական արժէքները, որոնք արդիւնաւոր կերպով կը նպաստեն արդարութեան, խաղաղութեան եւ մարդկային համերաշխութեան քաղաքակրթութեան կառուցման։ Հաշտութեան եւ եղբայրութեան ուղին բաց է մեր առջեւ։ Թող Սուրբ Հոգին, որ մեզի կ՚առաջնորդէ ամենայն ճշմարտութեան (հմմտ. Յով. ԺԶ 13), զօրացնէ ամեն ազնիւ ջանք, որ ուղղուած է մեր միջեւ սիրոյ եւ հաղորդակցութեան կամուրջներու կառուցման։
Սուրբ Էջմիածնէն մենք կոչ կ՚ուղղենք մեր բոլոր հաւատացեալներուն միանալու մեզի աղօթքով, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի խօսքերով. «Փառաւորեալ Տէր, ընդունէ ծառաներուդ աղաչանքները եւ ի բարին կատարէ մեր խնդրանքները, բարեխօսութեամբ Սուրբ Աստուածածնի եւ Յովհաննէս Մկրտչի եւ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի եւ մեր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի եւ սուրբ առաքեալներու, մարգարէներու, վարդապետներու, մարտիրոսներու, հայրապետներու, ճգնաւորներու, կոյսերու եւ Քու բոլոր երկնային ու երկրային սուրբերու։ Եւ Քեզ՝ անբաժանելի Սուրբ Երրորդութեանդ, փառք եւ երկրպագութիւն, յաւիտեանս յաւիտենից ամէն»։
Սուրբ Էջմիածին, 26 Յունիս 2016
Եկեղեցական
- 11/27/2024