ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ան­տիո­քի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Զահ­լէի մետ­րա­պո­լիտ Ան­թո­նիոս Ալ­սո­րուն։ Հիւր մետ­րա­պո­լի­տին ըն­կե­րա­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Լի­բա­նա­նի դես­պան Ժան Մա­քա­րոն եւ բա­րե­րար Նի­քո­լա Ա­պո­ֆա­յի­սա։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­քին էր Հա­յաս­տա­նի Աս­տուա­ծաշն­չա­յին ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Տ. Եզ­նիկ Արք. Պետ­րո­սեան։

Զահ­լէի մետ­րա­պո­լի­տը հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբու­թեան փո­խան­ցեց Ան­տիո­քի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ պետ Յով­հան­նէս Ժ.-ի եղ­բայ­րա­կան ող­ջոյն­ներն ու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը։ Հիւր մետ­րա­պո­լի­տը անդ­րա­դար­ձաւ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պատ­մա­կան կա­պե­րուն եւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Մետ­րա­պո­լի­տը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին զօ­րակ­ցու­թիւ­նը խնդրեց Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րե­րար զա­ւակ­նե­րէն մէ­կուն կող­մէ Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­ռու­ցուե­լիք մատ­րան հա­մար։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մատ­րան կա­ռուց­ման ազ­նիւ նա­խա­ձեռ­նու­թեան բե­րու­մով հայ­րա­պե­տա­կան իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց բա­րե­րա­րին։

Փո­խան­ցե­լով իր օրհ­նու­թիւ­նը՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ար­տա­յայ­տեց իր եղ­բայ­րա­կան սէրն ու ջերմ զգա­ցում­նե­րը Ան­տիո­քի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ պե­տին նկատ­մամբ։

Միւս կող­մէ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ե­րէկ Մայր Ա­թո­ռի մէջ ըն­դու­նեց Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան ան­դամ­նե­րէն Ճիմ Քոս­թան, որ վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2016