ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆՈՎ
Մարդ արարածը իբր մտածող էակ յայտնուելէն ետք, ինչքա՜ն աշխատած է իր նմանը գերեվարելու, եւ անոր հակադիր՝ ազատուելու համար անկէ. երկու գլխաւոր հատուած.- իշխող ու ենթարկուող եւ երթը կը շարունակուի:
Ծանօթ մեծ կրօններու մէջ միշտ ալ քաջալերուած է մարդկայնականութիւնը՝ իբրեւ հաւասար կեանքի ջատագով եւ սակայն եկուր տես, որ խօսքն ուրիշ ու գործադրողը ուրիշ: Հակառակ համեմատութիւն, որուն գլխաւոր պատճառը մարդկառոյցն է. երբ ստորին Ես-ը, կամ բնազդը ուժեղ է աւելի՝ քան բանականութիւնը: Ցեղասպանութեան մասին գիրքի մը մէջ, այս երեւոյթը կը բացատրուի վերին ուղեղի կազմաւորման ժամանակաշրջանի շատ կարճ ըլլալուն ու հինգ հարիւր հազար տարիով, որով անկարող կ՚ըլլայ իրեն ենթարկել ի սկզբանէ ծնունդ՝ Բնազդը… ահա այս է գաղտնիքը գուցէ, որ ճակատագրական պահերուն (մահ ու կենաց) ժողովուրդի բնազդը՝ անասնական կիրքը, իր գագաթնակէտին կը հասնի, ուր իր գերագոյն ուժգնութիւնը կը հրաբխի… եւ կը վերածուի այսպէս կոչուած «անկոտրում կամք»ի:
Սակայն այս նոր դարուն, ուր ժամանակի շունչը զինուորական ուժի մասնագիտութեան տիրանալ է, իսկ անոր միջոցը լուման ու դիւանագիտական եւ շահադիտական ոլորտները, որմէ՝ քաղաքական մտքի հասունութիւն: Հոս տեղ չունի Երազանքը, այլ՝ գիտակից հայրենասիրական զգացականութիւնն ու գործառնութիւնը:
Եւ սակայն դարերու ընթացքին մարդ արարածը իր հետ բերաւ եւ դեռ ունի զանազան տեսակի վարչաձեւեր, որով կը ղեկավարէ պատկան ժողովուրդը, թագաւորական կամ հանրապետական, ռամկավարական կամ ընկերվարական. այս վերջինը լեռնացաւ անցեալ դարուն իբրեւ Խորհրդային Միութեան վարչաձեւ, որ տեւեց միայն եօթանասուն տարիներ, ապա փլուզում. ասոր պատճառները բազմաթիւ են ի հարկէ, բայց գլխաւորը կը խորհիմ, թէ այն մարդ-կառոյցի անհամերաշխութիւնն է, հուսկ՝ խոտոր համեմատութիւն, ապա վիժում: Իսկ այնքան ատեն, որ գոյ է ներքին բնազդը իր ուժգնութեամբ, ինչ վարչակարգ ալ որդեգրուի անպայման պիտի ունենայ իր ակնառու թերութիւնները, նոյնիսկ երկրէ երկիր եւ անհատէ անհատ պիտի տարբերին գործադրութեան մէջ, ունենալով տարբեր ենթահող ու կառոյց:
Այս անխուսափելի է. մարդն է, որ դարերէ ի վեր կ՚առաջնորդուի նոյն կերպով, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ գերակայութեան զգացումի յագեցումը: Ուստի պիտի գոյանան դասակարգային խաւեր ու պիտի ըլլան ծայրագոյն աղքատէն մինչեւ յղփացած ու աներեւակայելի հարստութիւն ունեցողներ նոյն ռամկավարական վարչաձեւ ունեցող երկիրին մէջ, ինչպէս Խորհրդային օրերուն ալ գոյ էր, թէեւ ոչ նոյն համեմատութեամբ…։
Ու իր գերակայութիւնը ի գործ ածելու, եթէ սկսաւ քարով, ապա նետ, հրացան, թնդանօթ, հրթիռ եւ… աթոմական ռումբի, միշտ մարդկային յառաջընթացի արդիւնք…։
Ու պատերազմներ, պատերազմներ օղակուած իրարու եւ երեսուն տարուան ընթացքին ունեցանք երկու համաշխարհային պատերազմներ… ու երկրորդի աւարտէն անմիջապէս ետք, Օգոստոս վեցին, քաղաք մը ամբողջ զոհը եղաւ ռումբի մը՝ Աթոմական… Հիրոշիմա… եօթանասուն տարի առաջ հսկայ եւ եռուն քաղաք՝ տակաւին մոխիր ու աւերակ…։
«Աւետեաց Երկիր», Նախագահի հրամանով եւ ի հարկէ Աստուծոյ անունով նետուած ռումբը՝ քեզ մոխրացուց Հիրոշիմա. այլեւս հողդ բոյս չի տար:
Բայց դեռ վերջը չէր…։
Նակազաքին ալ պիտի ենթարկուէր նոյն ճակատագիրին երեք օրեր ետք…։ Այս ալ պետական չափանիշի ահագնացում…։
«Ո՛վ մարդկային արդարութիւն…»։
Մի աղաւաղէք Աստուծոյ անունը իբրեւ «ԿԱՏ» կամ «ԱԼԼԱՀ»…։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԻՐՈՅՆ…։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Պէյրութ
Հարթակ
- 11/30/2024