ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԸ ՀՈՎԻՒ ԿԱՐԳԵՑ ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՐ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք Զէքիեան անցեալ Կիրակի Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. Պատարագ եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագի ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառ ծայրագոյն վարդապետի գաւազան շնորհեց Հայր Վարդան Գազանճեանին, որ Պէյրութէն եկած ըլլալով՝ միջոցէ մը ի վեր կը պաշտօնավարէ քաղաքիս մէջ, Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանի հովանաւորութեան ներքեւ։ Զէքիեան Գերապայծառ Հայր Վարդան Գազանճեանը հովիւ ու ժողովրդապետ կարգեց Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ համար։
Օրուան քարոզին մէջ Զէքիեան Գերապայծառ շնորհակալութիւն յայտնեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին, որու թոյլտուութեամբ Հայր Վարդան Գազանճեան ծառայութեան անցած է Իսթանպուլի մէջ։
Քարոզին մէջ Զէքիեան Գերապայծառը մաղթեց, որ Տէր Յիսուս զօրացնէ նոր ծայրագոյն վարդապետ Տ. Վարդան Գազանճեանը, զայն պահպանէ քաղցրութեամբ, ամրացնէ օրհնութեամբ եւ բազում շնորհներով ծաղկեցնէ անոր կեանքը։