ՏՈՑ. ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆԻ ԱՅՑԵՐԸ

Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան կը շա­րու­նա­կէ իր քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու շար­քը՝ պաշ­տօ­նը նոր ստանձ­նե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։ Այս շրջագ­ծով Թո­րոս Ալ­ճան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Վա­գըֆ­նե­րու Իս­թան­պու­լի Ա. շրջա­նի տնօ­րէն Միւր­սէլ Սա­րըի հետ։ Այս վեր­ջի­նը նոր նշա­նա­կուած է իր պաշ­տօ­նին եւ այս կա­պակ­ցու­թեամբ Թո­րոս Ալ­ճան ի­րեն յղեց բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ եւ յայտ­նեց զօ­րակ­ցու­թիւն։ 

Բաց աս­տի, Թո­րոս Ալ­ճան այ­ցե­լու­թիւն մըն ալ տուաւ Պուլ­կար Ուղ­ղա­փառ յա­րա­նուա­նու­թեան Շիշ­լիի ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը, ուր զրու­ցեց տեղ­ւոյն վա­գը­ֆի ա­տե­նա­պետ Վա­սիլ Լիա­զէի եւ փոխ-ա­տե­նա­պետ Միլ­քօ Փե­չա­թի­քո­վի հե­տ։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015