ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններուն եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ։ «Դեսպաններ առանց սահմաններու» ծրագրին շրջագծով տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս ծրագրին նախաձեռնած է՝ Երեւանի մօտ Լիբանանի դեսպան Ժան Մաքարոն։ Նորին Սրբութիւնը դիւանագէտներուն հետ տեսակցեցաւ Լիբանանի դեսպանի կեցավայրին մէջ։
Ժան Մաքարոն բացման ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետը յանձն առած էր հանդէս գալ բանախօսութիւնով մը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անցեալի ու ներկայի առաքելութեան շուրջ։ Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնն ալ Լիբանանի դեսպանին նկատմամբ յայտնեց իր գնահատանքը՝ նման գեղեցիկ հանդիպումի մը կազմակերպման բերումով։
«Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը տարածուի հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ բացուած ճանապարհի երկու սահմանագծերուն մէջ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդգծեց, որ Հայ Եկեղեցին կ՚որակուի ազգային եկեղեցի, որովհետեւ ազգի հետ քրիստոնէութիւնը նոյնացած է։ Ազգային եկեղեցի ո՛չ թէ այլ ազգերու բացառման հաշւոյն, այլ Քրիստոսի կողմէ իրեն վստահուած ազգին նկատմամբ բոլորանուէր, անմնացորդ ծառայութեան օրինակով։ Արդարեւ, Հայ Եկեղեցին եղած է իր ժողովուրդի չարչարակիցը։ Ազգային-քրիստոնէական ինքնութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքն է։
Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ միջեկեղեցական ու միջկրօնական շփումներուն, իսկ աւարտին պատասխանեց դիւանագէտներու հարցումներուն։
Եկեղեցական
- 11/27/2024