ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն՝ Տ. Սա­մուէլ Ա­բե­ղայ Մխի­թա­րեան եւ Տ. Սի­փան Ա­բե­ղայ Գէոր­գեան նա­խըն­թաց օր, Օ­շա­կա­նի Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ստա­ցան մաս­նա­ւոր վար­դա­պե­տու­թեան աս­տի­ճան։ Տու­չու­թիւ­նը կա­տա­րեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի դի­ւա­նա­պետ Տ. Ար­շակ Եպսկ. Խա­չատ­րեան։ Հարկ է նշել, որ նոր վար­դա­պետ­նե­րը բո­լո­րո­վին վեր­ջերս պաշտ­պա­նած էին ի­րենց թե­զե­րը։

Տու­չու­թե­նէն վերջ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ըն­դու­նեց Տ. Սա­մուէլ Վրդ. Մխի­թա­րեանն ու Տ. Սի­փան Վրդ. Գէոր­գեա­նը, ո­րոնց հետ էին՝ Տ. Ար­շակ Եպսկ. Խա­չատ­րեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեան։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը այս առ­թիւ իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցեց նոր վար­դա­պետ­նե­րուն, ո­րոնց նուի­րեց լան­ջա­խա­չե­ր։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016