ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Այսօր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Նորին Սրբութիւնը 17-րդ տարին կը թեւակոխէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի գահուն վրայ՝ որպէս աշխարհասփիւռ հայութեան հայրապետը, ամենասիրելի հովուապետը եւ ընդհանրական գլուխն ու ծայրագոյն պատրիարքը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան այս նոր փուլը դարձեալ կու գայ թարմացնել իր աշխարհասփիւռ հօտին ջերմեռանդ զգացումները՝ իրեն նկատմամբ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը մնայ հայութեան կեանքի առանցքային դերակատարը եւ անոր հայրապետն ալ մեր ժողովուրդի աղօթքներուն մէջ միշտ կ՚ունենայ իր տեղը՝ որպէսզի ունենայ արեւշատ տարիներ, գաւազանը ըլլայ ծաղկուն եւ փայլուն ձեռքբերումներով արգասաւորուի իր տեսլականը։
Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարեդարձը այս տարի նշուեցաւ արտասովոր ձեւով։ Բնականաբար, Հայոց Հայրապետի վերաբերեալ բոլոր իրադարձութիւններու պարագային հայութեան հայեացքը կ՚ուղղուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այս տարի ալ նոյնն է պարագան, սակայն նկատի ունենալով, որ Նորին Սրբութիւնը դէպի Նիւ Եորք ուղեւորութեան մը մէջ կը գտնուի, անցեալ շաբաթավերջին, արդէն քանի մը օր կանուխ, այնտեղ իր ներկայութեամբ նշուեցաւ գահակալութեան տարեդարձը։ Տեղւոյն Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ Նորին Սրբութիւնը գահակալութեան տարեդարձին առթիւ շրջապատուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամներուն, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդներուն, հոգեւորականաց դասուն, թեմական խորհուրդներու դիւաններու անդամներուն, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ։ Տարեդարձի առթիւ շնորհաւորական խօսք մը արտասանեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Հայրապետական մաղթանքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորելով՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան համայն հայութեան մաղթանքներուն միախառնեց իր աղօթքը մէջբերելով Հայրապետական մաղթերգի արտայայտութիւնները. «Երկար կեանք տուր Հայրապետին, երկար օրեր Հայոց Հօր»։
Ան ըսաւ, որ «հայոց հայր», «հովիւ մեր հօտի» եզրերը կը գործածուին կաթողիկոսի պարագային։ Բոլոր ժամանակներուն եղած է այսպէս՝ սկսեալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։ Մեր նախնիներուն ու մեզի համար Վեհափառը ապրող խորհրդանշանն է մեր ժառանգութեան. ժառանգութիւն մը, որ ապրած է 17 դար, արձանագրած է մեծագոյն ձեռքբերումներ, յաղթահարած ամենածանր դժուարութիւնները եւ այսօր կը տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ։ Իբրեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի իրաւայաջորդ՝ Վեհափառը մեր կապն է այն մեծ իրադարձութիւններուն հետ, որոնք մեր ժողովուրդը դարձուցին աշխարհի առաջին պետականօրէն քրիստոնեայ ազգը։ Ան է մեր կապը Քրիստոսի հրաշալի տեսիլքին հետ, որով հաստատուեցաւ մեր եկեղեցւոյ Մայր Աթոռը՝ Սուրբ Էջմիածինը։ Այսօր, արդի ժամանակներուն, Նորին Սրբութիւնը մեր մէջ ունենալ կը նշանակէ վերապրիլ հաւատքի այդ բոլոր մեծագոյն իրադարձութիւնները։
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան աւելի վերջ բացատրեց, թէ ներկայիս մենք կը յիշենք նաեւ, որ Վեհափառ Հայրապետը կը խորհրդանշէ նաեւ ուրիշ վերածնունդ մը։ Արդարեւ, վերածնած է նաեւ անկախ Հայաստանը։ Աստուծոյ մեծ օրհնութիւնն է հայոց մերօրեայ սերունդներուն համար՝ տեսնել ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը։ Այսօր բազում մեծ հնարաւորութիւններ բացուած են հայ ժողովուրդին առջեւ ու այստեղ եւս Վեհափառը մայր հայրենիքի զարգացման եւ աճի առաջնորդն է։ Ան է յիշեցնողը թէ՛ մեր պանծալի անցեալի եւ թէ այն խոստման, որ ապագայի համար կը մարմնաւորէ Հայաստանը։ Վեհափառի քաջարի ոգին իւրաքանչիւր հայը կը հրաւիրէ զօրացնելու մեր ժառանգութիւնը յանուն ապագային։ Մայր Հայաստանի վերակառուցումը, եկեղեցական կեանքի վերականգնումը, աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքէն ներս հաւատի վերանորոգումը մեծ յանձնառութիւն մըն է, ինչ որ կը պահանջէ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին նման քաջարի հովիւ մը, բայց նաեւ բոլոր հայորդիներու միացեալ հաւատն ու նուիրումը։ Այսօր համայն հայութիւնը շնորհակալ մօտեցումով կը հետեւի Վեհափառ Հայրապետին՝ իր հոգեւոր առաջնորդութեան եւ գործադրած բոլոր ջանքերուն համար, ազգանուէր եւ եկեղեցանպաստ տեսիլքներու իրականացման ճանապարհին։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մաղթեց, որ Աստուած օրհնէ ու զօրացնէ Հայոց Հայրապետի ծառայութիւնը եւ հաւատի վերանորոգում պարգեւէ հայոց հաւատաւոր հօտին։
Մենք եւս որդիական ջերմ զգացումներով կու գանք շնորհաւորել Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարեդարձը ու կը միացնենք մեր աղօթքներն ու բարեմաղթանքը՝ որպէսզի ան տակաւին երկար տարիներ տիրաբար բազմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի նուիրական գահուն վրայ եւ անսասան մնայ լուսաբեւեռ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը՝ իր մականին ներքեւ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024