Եկեղեցական

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանն ու Մարդու իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Հայ իրաւաբանական միութեան նախագահ Լիւսի Վարպետեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։

ՀԵՐԹԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՓՈՒԼ

Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի երդիքին տակ հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւն:
Արեւելեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Պարսամեան պաշտօնի ձեռնարկեց՝ ասան ստանալով Տ. Դանիէլ Եպիսկոպոս Ֆընտըքեանի ձեռամբ եւ հաւատացեալներու անվերապահ զօրակցութեամբ ու համակրանքով:

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնման արարողութիւն մը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանով պարգեւատեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով աւագ խորհրդական Ռուդիկ Հիւսնունցը։

ԵՀԽ-Ի ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) կեդրոնական յանձնախումբը վերջին օրերուն Ժընեւի էքիւմենիք կեդրոնէն ներս գումարեց ժողով մը։ 2018 թուականէն ի վեր, այսինքն համավարակով բնորոշուած ժամանակաշրջանէն վերջ առաջին անգամ ժողովականներու ուղղակի մասնակցութեամբ նիստ մը տեղի ունեցաւ։

ԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուելով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։

Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պարնաուլի եւ Ալթայի Սերկիյ Իվաննիքով մետրապոլիտին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Պարնաուլի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Յակոբեան։

Էջեր