ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը։ Այս վերջինը փութացած էր ներկայացնելու համար յառաջիկայ շրջանին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու հանդիսացած իր նոր գործընկերները։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, շաբաթավերջին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հանդիսապետեց Շիքակոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելեց Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաքը, որ թիրախաւորուած էր անցեալ սեպտեմբերի 13-ին Ատրպէյճանի բանակին կողմէ կատարուած յարձակումներուն ժամանակ։ Ներկայիս ալ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները կը գտնուին այս քաղաքի մօտակայքին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օծման ու գահակալութեան 23-րդ տարեդարձը:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) անցեալ շաբթուան ողջ տեւողութեան ընդլայնուած կազմով նստաշրջան մը իրականացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը ծաւալուած աշխատանքի լոյսին տակ հրապարակեց եզրափակիչ հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին մասին:
Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին որոշած է պարգեւատրել Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Փութինի որոշումով Վեհափառ Հայրապետին պիտի շնորհուի Ռուսաստանի Պատուոյ շքանշանը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:
Անգլիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան եւս մասնակցեցաւ քննարկումներուն:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս գումարուեցաւ այս տարուան հերթական թեմական պատգամաւորական ժողովը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան նախագահեց նիստերուն, որոնց ատենապետեց տքթ. Խաչիկ Կազէր։