ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեան թեմերու բազմազաւակ քահանաներու ընտանիքները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Հոգեւոր հովիւներու առանցքային ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ հայ ընտանիքի զօրացումը»:
Հայաստանեան թեմերու բազմազաւակ քահանաներու ընտանիքները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Հոգեւոր հովիւներու առանցքային ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ հայ ընտանիքի զօրացումը»:
Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան հանդիսապետեց Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ արարողութեան:
Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ահաբեկիչներու կողմէ Գամիշլիի մէջ սպաննուած հայ-կաթողիկէ հովիւին եւ հօր համար:
Վատիկանի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ Կալակերի Արքեպիսկոպոսին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Հիւր արքեպիսկոպոսը Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Չեխիոյ Հարաւային Պոհեմիայի համալսարանի վերատեսուչ Թոմաս Մաչուլան եւ իր տեղակալը՝ Ռատքա Զաւոտոքին։ Հիւրերուն ընկերացաւ «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Ռուբէն Միրզախանեան։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ Հայաստեանեայց Առաքելական Եկեղեցին եղած է առաջամարտիկը՝ մտքի յեղափոխութեան:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ նշուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակը։ Սուրբ Գայիանէի վանքէն ներս մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շրջապատուած էր եպիսկոպոսաց դասու անդամներու, Ս. Էջմիածնի միաբաններու եւ բազում հաւատացեալներու կողմէ։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանը երէկ եզրափակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութեան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Պերլինէն մեկնած այս խումբը կը գլխաւորէին վերապատուելի Անտրէաս Կիւթսէ եւ Փրոֆ. Աուն Իմփոֆի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Ժողովները տեղի կ՚ունենան վերանորոգեալ Վեհարանէն ներս, ուր ԳՀԽ-ի համար մասնաւոր ժողովասրահ մը նախատեսուած է։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։ Այս պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու, Գալիֆորնիոյ (Միացեալ Նահանգներ) Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ սինոդի քարտուղար Եպիսկոպոս Մար Աւա Ռոյէլ։