ԱՍՏՈՒԱԾԱՊԱՐԳԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած «Եկեղեցին եւ ընտանիքը 21-րդ դարուն. արժէքներ եւ մարտահրաւէրներ» խորագրեալ միջազգային համաժողովը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ ներկայ 2019 թուականը հռչակուած է Ընտանիքի տարի եւ այս ծիրէն ներս տեղի ունեցած է վերջին օրերու համաժողովը։