ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ղազախիստանի դեսպան Թեմուր Ուրազաեւը, որ ներկայիս կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ղազախիստանի դեսպան Թեմուր Ուրազաեւը, որ ներկայիս կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին վախճանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան երէց անդամներէն Տ. Մեղրիկ Եպսկ. Բարիքեան։ Անթիլիասի դիւանը շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ ամբողջ միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն կորուստը երէց միաբանին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ հաստատուած, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած «Աջակցինք Արցախին» ծրագրի շրջանակներէն ներս աշխատանքները կը շարունակուին։ Այս նախագծի համակարգող յանձնախումբը, որ կը գործէ ատենապետութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, այս շրջանին արդէն ձեռնամուխ եղած է շարք մը մարդասիրական ձեռնարկներու իրականացման։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Հայրապետական սրբատառ կոնդակով յունուարի 11-ին Հայաստանէ ներս, Արարատի մարզին մէջ հիմնուեցաւ Մասիացոտնի թեմը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, երէկ, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնաւոր աղօթք կատարուեցաւ՝ Արցախի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով գերեվարուածներու եւ անյայտ կորսուածներու համար։ Բոլորը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած գերիներու տունդարձին մաղթանքով։ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները վաղուան Ս. Պատարագի ընդառաջ ժողովուրդը աղօթքի հրաւիրեցին՝ Արցախի գոյամարտի հետեւանքով գերեվարուածներու, կորսուածներու եւ անոնց տունդարձին համար։ Մինչ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ այս խնդիրը հրատապ բնոյթ կը ներկայացնէ, վաղը, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագի աւարտին այս ուղղութեամբ մասնաւոր աղօթք պիտի կատարուի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Ս. Ծնունդի մեռելոցին առթիւ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ սրբազաններու եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու ուղեկցութեամբ։ Նահատակաց պանթէոնի համալիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Իսրայէլի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Վիքթորով վերջերս այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան։ Տարեմուտի շրջանին ան Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս հիւրընկալուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի կողմէ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Սուրբ Ծննդեան առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Ստորեւ կը հրատարակենք Կիլիկեան Աթոռի գահակալի Սուրբ Ծննդեան պատգամը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը տաղաւարի առթիւ պատարագեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր տուաւ նաեւ իր պատգամը: