ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՈՎ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ՝ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԿՈՆԴԱԿՆԵՐՈՒ, ՔԱՐՈԶՆԵՐՈՒ, ԽՕՍՔԵՐՈՒ ԵՒ ԽՈՀԵՐՈՒ ԸՆՏՐԱՆԻՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ շահեկան գործ մը, որ կը կոչուի՝ «Կոնդակներու, քարոզներու, խօսքերու եւ խոհերու ընտրանի»։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի զանազան գրութիւններու արեւմտահայերէնի փոխադրութիւնով պատրաստուած է այս ժողովածոն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։ Կը հաղորդուի, որ անոնք քննարկեցին Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղեալ քայլերը եւ տեղւոյն հայութեան առջեւ ծառացած առկայ մարտահրաւէրները։
Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց՝ փրոթեզի համար Վիեննա մեկնելիք 5 հայորդիներ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ յայտարարութիւն:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տուչութեան հանդիսաւոր արարողութիւն:
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Աւետման տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ հրապարակեց հետեւեալ պատգամը։