Եկեղեցական

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ

Երէկ, Արցախի մէջ պատմական օր մը ապրուեցաւ՝ Ստեփանակերտի մէջ կառուցուած Աստուածամօր Ս. Հովանի Մայր տաճարի օծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ օծուեցաւ նորակառոյց այս եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ նաեւ անդրանիկ Ս. Պատարագը։

ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ

Հայց. Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու հայրապետները փոխանակեցին ջերմ պատգամներ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շնորհաւորեց Քիրիլ Ա. Պատրիարքի գահակալութեան 10-ամեայ յոբելեանը:

ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ:
Վեհափառ Հայրապետը միջնորդութիւն խնդրեց, որպէսզի Ատրպէյճանի մէջ 20 տարի ազատազրկման դատապարտուած Կարէն Ղազարեան վերադարձուի ընտանիքին:

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԷՋ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ, վերջին երեք օրերուն Պելժիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց հաւաք մը։ «Արդարութեան Ս. Աստուածամայր» վանքին (Ռհոտ-Սեն-Ժընէզ) մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու առթիւ համախմբուեցան այն հոգեւորականները, որոնք կը ծառայեն Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս։

ԱՅՍՕՐ ՄԻՋԻՆՔ Է

Այսօր, Չորեքշաբթի, մեր օրացոյցին համաձայն Միջինք է։ Իսկ ի՞նչ է Միջինքը եւ ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել։
Բուն բարեկենդանէն, աւելի ճիշդ Փակեալ խորանէն սկսեալ մինչեւ Աւագ շաբաթ օր (նկատի ունենալով, որ եկեղեցական օրէնքով Աւագ շաբթուան օրերն ալ պահքի օրեր են), քառասունութ օրերու վրայ երկարող պահքի շրջան մըն է, որուն երբեմն կ՚անգիտանանք, կարծելով, որ երբ Մեծ պահք կ՚ըսենք, այդ Մած պահքը քառասուն օրեր են միայն, այսինքն Բուն բարեկենդանէն մինչեւ Ծաղկազարդ։ 

ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻՒ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հարաւային Ռուսաստանի թեմի առաջնորդ Տ. Մովսէս Արք. Մովսիսեանը։ Հարկ է նշել, որ անցեալ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդ սրբազան հօր շնորհած էր արքութեան պատիւ՝ ի գնահատութիւն Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս տարիներու վաստակի եւ նուիրեալ ծառայութեան։

Էջեր