ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՒԱՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին երկու օրերուն հիւրընկալուեցան Արարատեան Հայրապետական թեմի հոգեւոր հայրերը։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց Երեւանի եւ Արարատի մարզի հոգեւոր տեսչութեան սպասաւորները՝ գլխաւորութեամբ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի եւ Արարատի մարզի հոգեւոր տեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի։