ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ 2021 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ 70 ՏԱՐԵԿԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 2021 թուականի օգոստոսի 21-ին կը դառնայ 70 տարեկան։ Այս նոր տարին յոբելենական է Վեհափառ Հայրապետին համար։ Թէեւ հայ իրականութիւնը այնպիսի ցնցումով մը համակուած է, որ յոբելեաններու, տօնակատարութիւններու մթնոլորտէն բոլորովին հեռու է, սակայն, սա մակերեսային տարեդարձ մը չէ
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց դասին հետ։ Տօնը այս տարի դեկտեմբերի 26-ին էր, սակայն հանդիպումը տեղի ունեցաւ երէկ։
Վերջին օրերուն Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւի շրջանակներէն ներս դեկտեմբերի 27-ին բռնութիւն գործադրելու համացանցային սպառնալիքներու առընչութեամբ Մայր Աթոռի մէջ ստացուեցան Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներու մտահոգութեան եւ զօրակցութեան նամակներ, հնչեցին զանազան անհատներու հանրային ելոյթներ եւ Ազգային Եկեղեցին պաշտպանելու կոչեր։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Վատիկանէն հրապարակեց աւանդական «Հռոմին եւ աշխարհին» պատգամը։ Սրբազան Պապը այս առթիւ աղօթեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Արման Տիլանեանը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան նշանակուեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդ։ Ան այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ նորոգ վախճանեալ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանին։