ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ առ Աստուած աղօթք բարձրացաւ Հայաստանի եւ համայն հայ ժողովուրդի համար:
Վեհափառ Հայրապետը Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ ծնրադիր խնդրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութիւնը:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ առ Աստուած աղօթք բարձրացաւ Հայաստանի եւ համայն հայ ժողովուրդի համար:
Վեհափառ Հայրապետը Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ ծնրադիր խնդրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութիւնը:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հասանք մեր հաւատքի հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի խոր վիրապ մուտքի տօնին։
Տօնակատարութիւն մը, որուն միջոցաւ կը յայտնուի Անակի որդի Սուրէնի հաւատքի արիութիւնը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Արեւ-երեխաներ»ը։ Վեհարանի մէջ կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին հիւրերուն ուղեկցեցաւ Երեւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Քհնյ. Գրիգորեան, որ միեւնոյն ժամանակ հիմնադիրն է «Արեւ-երեխաներ» հասարակական կազմակերպութեան։
Կիլիկեան Աթոռի երէց միաբանը յաւերժութեան ճամբուեցաւ աղօթքով, խունկով ու բիւր յարգանքով:
Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեանի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման ու թաղման յուզումնախառն արարողութիւնները:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ խնդրելով Տիրոջ զօրակցութիւնն ու օգնութիւնը աշխարհին եւ մեր ժողովուրդին պատուհասած համաճարակի դիմագրաւման համար։ Արդարեւ, ուր որ կայ սէր, յոյս եւ հաւատք, այնտեղ չկայ երկիւղ ու կասկած, այնտեղ չկայ վախ եւ յուսալքութիւն, որովհետեւ մեր ապաւէնն է նոյնինքն Արարիչ Աստուած»:
«Դժուարին այս օրերուն մտահոգութեամբ ականատես կ՚ըլլանք, թէ խաթարուած է բնականոն կեանքը։ Փրկիչ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս անսահման սիրով մեզի համար չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ, իր հրաշափառ յարութեամբ մարդկութեան պարգեւեց փրկութեան, յոյսի, հաւատի եւ սիրոյ շնորհները, որպէսզի մենք իրեն ապաւինած կարողանանք նեղութիւնները յաղթահարել»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մշտահունչ աղօթքներ կը բարձրացուին առ Աստուած քորոնաժահրէ վարակուածներուն համար։ Կը հաղորդուի, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ամէն օր կը կատարուին մասնաւոր բժշկական աղօթքներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ օրեր առաջ մարտի 18-ը հռչակուած էր Համազգային աղօթքի օր՝ քորոնաժահրի համաճարակի յաղթահարման եւ հիւանդներու բժշկութեան համար։ Ուստի, երէկ երեկոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Գայիանէ վանքի երդիքին տակ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հանգստեան ժամերգութիւն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ քորոնաժահրի համաճարակի կապակցութեամբ հանդէս եկաւ հետեւեալ յորդորով։ Քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով ամբողջ աշխարհ կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէր մը։
Հոգւոյ բերկրութեամբ կ՚ողջունենք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագրքի արեւմտահայերէն թարգմանութեան նոր հրատարակութիւնը, որ իրականացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ ի նպաստ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի նորոգութեան։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած ընդլայնուած կազմով քառօրեայ նստաշրջանի արձագանգները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկսի բարձր նախագահութեամբ գումարուած ժողովներէն վերջ հրապարակուեցան՝ ազգային-եկեղեցական կեանքի տեսակէտէ կարեւոր տեղեկութիւններ։