ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՄԻՆՉԵՒ ԱՌԱՒՕՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ երէկ, ժամը 22.00-էն սկսեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ամբողջ գիշեր եւ Հայաստանի թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս փոխն ի փոխ կատարուեցաւ խաղաղութեան աղօթք եւ սաղմոսերգութիւն՝ Արցախի ժողովուրդի եւ Հայոց բանակի համար։ Շաբաթավերջին ալ տեղի ունեցած էր համազգային զօրակցութեան աղօթք։
Արցախի մէջ բռնկած պատերազմի մթնոլորտին մէջ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան կը շարունակէ Իսրայէլի ղեկավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել ճակատի վրայ յառաջացած մարդասիրական ծանր խնդիրներուն վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ատրպէյճանի բանակը լայնօրէն կ՚օգտագործէ Իսրայէլի մէջ արտադրուած զէնք ու զինամթերք՝ Արցախի խաղաղ բնակավայրերը թիրախաւորելու ժամանակ։
Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ու վանքերէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ զօրակցութեան համազգային աղօթք՝ յանուն Արցախի։ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բռնկած սաստիկ մարտերով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին զօրակցութեան համազգային աղօթքը իրականացուց խաղաղութեան վերահաստատման մաղթանքով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ այսօր երեկոյեան Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերու բոլոր վանքերէն ու եկեղեցիներէն ներս կը կատարուի զօրակցութեան համազգային աղօթք յանուն Արցախի եւ հայրենեաց պաշտպաններու։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Երեւանի «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնը, ուր դարմանման տակ կը գտնուին վիրաւոր զինուորներ։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր օրհնութիւնն ու շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքները փոխանցեց վիրաւորեալ զինուորներուն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կարեւոր ժողով մը:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան Արցախի ճակատի առկայ սաստիկ բախումներու մթնոլորտին մէջ նամակ մը ուղարկեց Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինին։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ կոչ ուղղեց, որպէսզի դադրեցուին Իսրայէլի կողմէ զէնքի մատակարարումները Ատրպէյճանի համար։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս կատարուած արարողութեան ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այսօր յետմիջօրէին տեղի կ՚ունենայ Հանրապետական մաղթանք:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Հարկ է նշել, որ Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին մեկնած էր Իտալիա, ուր Վատիկանի մէջ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենար, աւելի վերջ ալ Միլանօ անցնելով պիտի տեսակցէր իտալահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։