ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի կրօնական ժողովը 10 ապրիլ 2021, շաբաթ, ժամը 12.00-ին, համացանցային դրութեամբ գումարուեցաւ՝ նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Սոյն արտակարգ նիստին նկատի առնուեցաւ ՔՈՎԻՏ-19 ժահրի համավարակի սաստկացման պարագաները, որ սկսած էր լուրջ առողջապահական հարցեր ստեղծել։
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Աւետման տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ հրապարակեց հետեւեալ պատգամը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ս. Զատկի տօնական օրուայ երեկոյեան Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքը, որուն ընկերացան Լիբանանի ասորի համայնքի երկու առաջնորդներն ու այլ հոգեւորականներ։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողքին էին Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Տ. Մակար Եպսկ. Աշքարեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին աւանդական շուքով նշեց Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Տաղաւարի աւետիսը եկաւ հոգեւոր հրճուանքով եւ յարաբերական լաւատեսութեամբ համակել համայն հայաշխարհը, որ ներկայիս պատմականօրէն ծանր շրջան մը կը դիմագրաւէ՝ մասնաւորապէս պատերազմի ողբերգական հետեւանքներուն բերումով։
Երէկ, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը տուաւ յընթացս հայրապետական Ս. Պատարագի։ Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածելով։
ԴԱՆԻԷԼ ԵՊՍԿ. ՖԸՆՏԸՔԵԱՆ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին այս շաբաթավերջին կը տօնախմբէ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը։ Տօնական աւետիսով կը վերահաստատուի, կը վերանորոգուի աշխարհացրիւ հայութեան հոգեւոր միասնականութիւնը։