Եկեղեցական

ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան ներկայացան Պոստոնի շրջանի Հայփոյնթ համայնքի ուխտաւորները՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդ Քհնյ. Կիւզէլեանի եւ ուղեկցութեամբ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոյն շրջանի հոգեւոր հովիւ Հայր Ճոն Տիլէյնիի։

ՆԱԽԱՐԱՐ ԹԱՆԴԻԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանը։ Վեհափառ Հայրապետը նախարարը շնորհաւորեց նշանակման առթիւ եւ փոխանցեց արդիւնաւէտ աշխատանքի իր բարեմաղթանքները։

ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը արժանթինահայ երիտասարդներ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի յարկէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։

ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ ԱՒԱՐՏԱԾ

Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական բանակումը հասաւ իր աւարտին։ Շաբաթավերջին Բիւրականի մէջ տեղի ունեցաւ բանակումի եզրափակիչ հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շուրջ 1200 սկաուտներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները։

ԲՈՒԺՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԴԷՊԻ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց այն հինգ զինուորականները, որոնք իր օրհնութեամբ յառաջիկայ օրերուն բուժման համար պիտի մեկնին Հնդկաստան։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան Միքայէլ Սարգսեան, Գնել Համբարձումեան, Նարեկ Մարուքեան, Կարէն Համբարձումեան եւ Գրիգոր Յովհաննիսեան, որոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնին Հնդկաստան։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Մոսկուա:
Նորին Սրբութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներու հետ կը քննարկէ ձեռնարկուած ծրագիրներուն ընթացքը:

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԱԲԳԱՐ ԵՊՍԿ. ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Եւ պատրաստ ենք վրէժխնդիր ըլլալու ամէն անհնազանդութեան համար». (Բ ԿՈՐՆԹ. Ժ 6)

Սուրբ Եկեղեցին Սուրբ Հոգիով նուիրագործուած Սիրով գործող (Գաղ. Ե 6) ու առ Միակ Փրկող Աստուծոյ (Սղմ. ԽԱ 6) յուսացած հաւատաւորներու ամբողջութիւնն է, որն եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Մարմինն է (Ա Կորնթ. ԺԲ 27), իսկ գլուխը Տէրն Ինքն է (Եփես. Ե 22, Կողոս. Ա 18):

Էջեր