ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսներու հաւաք մը։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ժողովը, որուն մասնակցեցան թեմակալ առաջնորդներ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող սրբազաններ։