ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՂԵՌՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական սրբավայրերու, մշակոյթի կոթողներու եւ ճարտարապետական ժառանգութեան դէմ ոտնձգութիւնները, խորհրդանշական կոթողներու թիրախաւորումները կը շարունակուին։
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկ. Կրօնական ժողովը 3 մայիս 2021, երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին, համացանցի վրայ գումարուեցաւ՝ նախագահութեամբ Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Կիլիկեան Աթոռի գահակալին եւ մարոնիտներու պատրիարքին միջեւ հանդիպում:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հայրապետական այցելութեամբ կ՚ուղեւորուի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Սփիւռքահայ նորոգ հանգուցեալ գիտնական ու հասարակական գործիչ Վարդան Գրիգորեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, ողբացեալ Վարդան Գրիգորեանի համար կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն մասնակցելու նպատակով այս տարի Հայաստան կ՚այցելէ Կեդրոնամերիկեան խորհրդարանի նախագահ Ֆանի Քարոլինա Սալինաս Ֆերնանտեզի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը, որ բարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Վարդինէ Օհանեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Իրեն կ՚ընկերանար Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Ադաբէկեան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։