ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ՅԱՏՈՒԿ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հաստատուեցաւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակ մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հաստատուեցաւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակ մը։
Հայաստանի մէջ այսօր կը յուղարկաւորուի Գուգարաց թեմի առաջնորդ՝ նորոգ վախճանեալ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Եկեղեցական շրջանակներէ ներս վերջին օրերուն ցաւ յառաջացուցած էր իր անժամանակ կորուստը։ Նորին սրբազնութիւնը զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ յիշատակի արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ Արցախի պատերազմին նահատակուած հերոսներու ի յարգանս։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կառոյցներէն ներս ապաստան գտած ընտանիքներուն, որոնք Արցախի վերջին պատերազմին հետեւանքով պարտաւորուած են գաղթելու։ Նորին Սրբութիւնը Էջմիածին քաղաքէն ներս տեղահանեալ ընտանիքները իր հայրական հոգածութեան առարկայ դարձուց։
Հայաստանի մէջ այս կիրակին հռչակուած է՝ Արցախի պատերազմի ժամանակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակութեան օր։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը օրեր առաջ հանդէս եկած էին համապատասխան կոչով մը։
Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին խորաթափանց կը դիտարկէ յետպատերազմեան ծանր իրադրութիւնը ու մատնանշէ միասնականութիւնը:
Ժողովուրդի լուրջ անհանգստութեամբ պայմանաւորուած՝ կարեւորուեցաւ կայունութեան պահպանումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումը Երեւանի մէջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով գումարուեցաւ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Նիստը բացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի եւ ժողովական հայրերու համատեղ աղօթքով՝ անցեալ շաբաթներուն Արցախի մէջ՝ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով զոհուած հայորդիներու հոգւոց հանգստութեան համար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ժողովուրդին ուղղեալ այս ուղերձը, որ պաշտօնապէս հրապարակուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պապական նուիրակ Մոնս. Ժոզէֆ Սփիթերիի հետ։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին արծարծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։