ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՎԱՏԻԿԱՆ ԱՅՑԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր եղբայրական այցելութեամբ կը մեկնի Վատիկան՝ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Սրբազան Պապի հրաւէրին ընդառաջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր եղբայրական այցելութեամբ կը մեկնի Վատիկան՝ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Սրբազան Պապի հրաւէրին ընդառաջ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան մատոյց Ս. Պատարագ, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Մեծ պահոց եւ Աւագ շաբթուան աւարտին, Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ արդէն վերահաստատուած է ընթացիկ արարողութիւններու դրութիւնը։
Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Մեռելոցին առթիւ երէկ հոգեհանգստեան ընդհանուր կարգ տեղի ունեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։ Ընդհանուր հոգեհանգիստին հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Տիրոջ Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեսկ. Աթէշեան հանդիսապետեց Գումգաբուի արարողութիւններուն:
Սուրբ Զատկի աւանդական ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղփառաց Տիեզերական Պատրիարքը:
Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Սուրբ Էմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Ս. Զատկի տօնին առթիւ հայրապետական իր պատգամը տուաւ համայն հայութեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
Անգամ մը եւս մեր սրտերը ուրախութեամբ կը լեցուին։ Դատարկ Սուրբ Գերեզմանէն աւանդուած Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսը այս տարի եւս կու գայ պարուրել մեզ, ու զգացնել՝ իր հրաշագործ զօրութիւնը։
Այս շաբթուան իւրաքանչիւր օրը կը կրէ «Աւագ» անուանումը եւ ունի իր խորհուրդը: Աւագ շաբաթը կը սկսի Ծաղկազարդի Կիրակիով` Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքով:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երկու միաբանները նշանակուեցան նոր պաշտօններու։