ԱՅՍՕՐ ՄԻՋԻՆՔ Է
Մեծ պահքը կիսող Միջինքը այս տարի կը նշուի այսօր: Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն՝ Միջինքին հայ տանտիկինները կը թխեն բաղարջ, որուն մեջ կը դնեն մետաղադրամ: Որուն բաժին կը հասնի այդ դրամը, այդ տարի յաջողութիւն կ՚ունենայ:

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը շաբաթավերջին կորսնցուց իր արժէքաւոր անդամներէն մին։ Այսպէս, ի Տէր հանգաւ Ուքրայնոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն մին էր վախճանեալ Սրբազան Հայրը, որու անժամանակ կորուստը յառաջացուցած է խոր ցաւ։