ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆԸ
Սուրբ Սարգիսը թէ՛ պատմական անձնաւորութիւն է, եւ թէ՛ սրբազան առասպելական կերպար՝ օժտուած տարբեր հմայական յատկանիշներով եւ գործառոյթներով։ Ան զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է։
Սուրբ Սարգիս պատմական անձը ապրած է 4-րդ դարուն, ան Կեսարիոյ հռոմէացի զօրավար էր, որ խուսափելով Յուլիանոս Ուրացող կայսեր հալածանքներէն՝ իր տղուն՝ Մարտիրոսին հետ ապաստանած է Հայաստան, ապա անցնելով Պարսկաստան՝ զինուորական ծառայութիւն կը կատարէ Շապուհ թագաւորին մօտ։ Իմանալով, որ Սարգիսը քրիստոնեայ է, Շապուհը կը պահանջէ, որ ան երկրպագէ կրակին, սակայն Սարգիս կը մերժէ եւ կը կործանէ բագինը։ Զայրացած ամբոխը կը յարձակի եւ կը սպաննէ անոր որդին, իսկ Սարգիսը կը բանտարկուի եւ ապա կը գլխատուի։ Կը սպաննուին նաեւ անոր հաւատարիմ տանչորս զինուորները։
Նահատակուելէն ետք Սարգիսի մարմնին վրայ լոյս կը ծագի։ Մեսրոպ Մաշտոց անոր մասունքները Հայաստան բերել կու տայ։ Մասունքները կ՚ամփոփուին Կարբի աւանին մէջ, իսկ Ուշիի մէջ եւ Գագա դաշտին վրայ կը կառուցուին անոր անունը կրող առաջին եկեղեցիները. այսպէս, Սարգիս զօրավարը կը սրբացուի հայոց եկեղեցւոյ կողմէ՝ իբրեւ քրիստոնէութեան համար մարտնչող նահատակ։
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ՈՐՊԷՍ ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՏՕՆ
Ժողովրդական աւանդութեան մը համաձայն, Սուրբ Սարգիսը կը սիրահարուի յոյն թագաւորին աղջկան եւ կը փախցնէ զայն։ Հետապնդողներէն ազատելու համար ան զօրաւոր բուք կը բարձրացնէ եւ շատեր խեղդամահ կ՚ըլլան։ Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն տարի տօնի օրերուն բուք կը բարձրանայ։ Այս զրոյցին պատճառով ալ սիրահարածները Սուրբ Սարգիսը ընտրած են որպէս իրենց բարեխօսը։ Ան միշտ կ՚օգնէ իրեն դիմող սիրահարներուն։ Այդ օրը երիտասարդները կ՚աղօթեն, որպէսզի սուրբը իրենց աղօթքները Աստուծոյ հասցնէ։ Բայց մինչ այդ անոնք պէտք է հետեւին Գրիգոր Լուսաւորիչի սահմանած առաջաւորաց պահքին։
Ժամանակի ընթացքին Սուրբ Սարգիսի տօնը անփոփոխ մնացած է, սակայն վերջին տարիներուն, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, Սուրբ Սարգիս զօրավարին տօնը հռչակուած է որպէս երիտասարդներու օրհնութեան օր, եւ Ս. Պատարագի աւարտին կը կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան կարգ։
ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Եկեղեցականի զուգընթաց, պահպանուած են այս տօնին հետ կապուած ժողովրդական սովորութիւններ։ Այսպէս, առաջաւորաց պահքի օրերուն մարդիկ ոչ միայն արգելքներ կը դնէին իրենց սնունդին, այլ նաեւ աշխատանքի որոշ տեսակներուն եւ մարմնի խնամքին վրայ։ Արգիլուած էր լուացք ընել, ճախարակ մանել, գործ ունենալ բուրդի, մազի հետ, որովհետեւ կը հաւատային, որ մազ լուալու պարագային Սուրբ Սարգիսի ձիու ոտքերուն թնճուկ կը փաթթուի եւ որպէս պատիժ՝ իրենց մազերը կը թափին
Ուրբաթ օրը մարդիկ կը սկսէին թաթախման՝ պահքը բանալու նախապատրաստական աշխատանքներու։ Մեղրաջուրով կամ շաքարաջուրով փոխինդ կը շաղէին, ընտանիքին անդամներուն թիւով գունդներու կը բաժնէին եւ երեկոյեան պահքը կը բանային այդ գունդերով։
Սակայն ծոմ պահած երիտասարդները չէին ուտեր. անոնք այդ երեկոյ աղի կրկնեփուկ կ՚ուտէին, որպէսզի տեսնեն, թէ երազին մէջ իրենց ո՞վ ջուր պիտի տայ։ Այդ գիշեր տանտիկինները սկուտեղի մը վրայ փոխինդ կը լեցնէին եւ կը սպասէին, որ գիշերը Սուրբ Սարգիսը այցելէ իրենց եւ իր ձիուն պայտին հետքը ձգէ փոխինդին վրայ։ Շաբաթ առաւօտեան այդ փոխինդէն խաշիլ կը պատրաստէին եւ պասը կը բանային։ Աղի կրկնեփուկ կերած աղջիկներն ու մանչերը կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՞վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՞ գաւաթով, որքա՞ն ջուր կար գաւաթին մէջ եւ այլն… Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր, փայտեայ գաւաթը՝ աղքատ, լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը կանխագուշակէր, կիսով լեցունը՝ կարճ ամուսնական կեանք եւ այլն…
Կար ուրիշ սովորութիւն մըն ալ. ծոմ պահողները իրենց փոխինդէն կտոր մը կը դնէին տան տանիքը եւ կը հետեւէին, թէ այդ կտորը կտցող թռչունները ո՛ր կողմ կը թռչին, այդ կողմէն ալ կը սպասէին իրենց ապագայ ամուսինը կամ կինը։
Նշենք, որ Սուրբ Սարգիսը շարժական տօն է, այս տօնով կը սկսի Բարեկենդանը, որուն կը յաջորդէ Մեծ պահքը, այնուհետեւ՝ Զատիկը։
Հայաստանի մէջ Սուրբ Սարգիսի տօնին օրը Ս. Պատարագ կը մատուցուի սուրբին անունը կրող բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինէն առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցի կը բերուին Սուրբ Սարգիս զօրավարին մասունքները։ Ամբողջ օրուան ընթացքին մարդիկ առիթը կ՚ունենան տեսնելու սուրբին մասունքները եւ հայցել անոր բարեխօսութիւնը։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ