ՃԻՊՐԱԼԹԱՐԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Ճիպրալթարի եւրոպական հատուածի արքեպիսկոպոս Ռապըրթ Իննէս երէկ այցելեց Պատրիարքարան, ընկերակցութեամբ իր վիճակի դիւանապետ Հայր Մեուրիկ Ուիլիըմսի։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բարձրաստիճան հոգեւորականը, իր կողքին ունենալով Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2015-ին, Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը:
