Ընկերա-մշակութային

ՍԼԱՒՈՆԱԿԱՆ ԳԻՐԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՏՕՆԸ. ԱՆՍՈՎՈՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սլաւոնական գիրի եւ մշակոյթի օրը այս տարի կը նշուի շատ անսովոր պայմաններու տակ. հնագոյն սլաւոնական գիրն ու մշակոյթը կրող երկու ժողովուրդ՝ ռուսերն ու ուքրանացիները, իրարու դէմ պատերազմի մէջ են. իրապէս, շատ զարմանալի իրողութիւն մը:

ԶԱՐՈՒՀԻ ԳԱԼԷՄՔԵԱՐԵԱՆ. «ԹՈՌՆԻԿԻՍ ԳԻՐՔԸ»

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Պոլսահայ գրող Զարուհի Գալէմքեարեան այն եզակի արեւմտահայ գրագիտուհիներէն է, որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ գնահատանքի արժանացած է: 1964 թուականին Հայաստանի մէջ նշուած է անոր ծննդեան 90-ամեակը։

ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՌԱՆՑ ՄԵՂՔԵՐՈՒ ԱՊՐԻԼ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յինանց կիրակիներուն հինգերորդ կիրակին, մասնաւոր անուանում մը չունի։ Սակայն, մեկնելով օրուան Աւետարանական ընթերցուածներէն՝ կրնանք այս կիրակին կոչել մեղքերէ զերծ կեանքի կիրակի, որովհետեւ օրուան ընթերցումներու մեծամասնութիւնը կը խօսին զղջումի, ապաշխարութեան եւ մեղքերէն հեռու մնալու մասին:

ՕՏԱՐ ԲԱՐՔԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Երբ դաշնամուրի համերգի մասին խօսինք, անմիջապէս մեր երեւակայութեան պաստառին վրայ կը պարզուի համերգասրահ մը եւ կամ ալ բացօթեայ վայր մը՝ ինչպիսին են Նիւ Եորքի կեդրոնական զբօսավայրը եւ Լոս Անճելըսի «Hollywood Bowl»ը։

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ. ՉԿԱՅԱՑԱԾ ՆԵՐԳԱՂԹԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մայիս 22-ին աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր կը դառնայ 98 տարեկան:
Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ, ի թիւս յոյժ հետաքրքրական բազում թղթապանակներու, կը պահուի նաեւ Ազնաւուրեաններու թղթապանակը, որուն մէջ ամփոփուած են Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին կեանքէն շատերուն անյայտ դրուագները:

ՍՈՒՐԲ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մանուկները մեծահասակներէն աւելի լաւ կը զգան Աստուծոյ ու Տիրոջ շնորհը, քանզի անմեղ են: Երեխաները սխալ չէ, ընդհակառակը՝ անհրաժեշտ է մկրտել. մի՛ մեղանչեցէք, ականջալուր ըլլալով աղանդներու Սուրբ Գիրքին հակասող սուտերուն:

ԽՈՐԱՆԱՇԱՏ-800. ՈԳԵՂԷՆ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մէջ շուքով նշելու սկսած են Խորանաշատ վանական համալիրի հիմնադրման 800-ամեակը: Մայիս 11-29-ը նախատեսուած յոբելենական ձեռնարկները կրկին վեր պիտի հանեն այն խորհուրդը, որ 13-րդ դարուն Վանական Վարդապետի հիմնած հոգեւոր կառոյցը արդէն ութ դարէ ի վեր՝ անսասան կը պահէ ու կը փոխանցէ:

ԼԻԱՐԺԷՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲԵՌԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Իւրաքանչիւր օրը կանգնած՝ ծածկուած քրտինքով, կեղծ յոյզերով, կը թուէր, թէ օրէ օր, քայլ առ քայլ կը մօտենամ մէկ այլ մոռցուածի, կորսուածի վերածուելու։ Այնքան սովոր էի, թէ կեանքի պայմանները թելադրեն իմ ապրելակերպը։

Էջեր