90-ԱՄԵԱԿ ԺՈՐԺ ԿԱՌՎԱՐԵՆՑԻ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1988 թուականի դեկտեմբերին՝ հայութեան համար ամենածանր օրերուն ամենուր կը հնչէր «Քեզի համար, Հայաստա՜ն» երգը: Երկրաշարժէն քանի մը օր ետք գրուած երգը գրաւեց մարդկութեան սիրտերը, զայն երգեցին համաշխարհային աստղերը եւ աջակցութեան ու օգնութեան ձեռքեր մեկնուեցան դէպի Հայաստան: