ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՌԱՔԻՆԻ ԿԵԱՆՔՈՎ ԱՊՐԻԼ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սուրբ Պօղոս Առաքեալ անցեալին հետեւեալ խրատական թելադրութիւնը տուած է Եփեսացիներուն, զանոնք մղելով առաքինի կեանք մը ապրելու. «Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք։ Մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս։ Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են։