Ընկերա-մշակութային

ԸՆՏՐՈՂԸ ՄԵՆՔ ԵՆՔ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աստուած մարդը ստեղծեց Իր կերպարանքով եւ շնորհեց ընտրութեան իրաւունք: Եւ այդ իրաւունքը երբեք մեր ձեռքէն չէ առած: Առհասարակ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, մարդ արարածը միշտ ունեցած է այդ իրաւունք, երբեմն որոշ սահմանափակումներով, սակայն ունեցած է, նոյնիսկ ստրկատիրական ժամանակներուն:

ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ. ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Եւրոպական ժառանգութեան օրերուն տեղի ունեցած ձեռնարկներուն կարգին ուշագրաւ էր սեպտեմբեր 25-ին «Կոմիտասի գրադարանը. եւրոպական լեզուներով գրականութիւն» խորագրով ցուցադրութեան բացումը՝ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկէն ներս, մեծն Կոմիտասի ծննդեան օրը, որ այս տարի համընկաւ Եւրոպական ժառանգութեան օրերէն մէկուն:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Փիլիսոփայութիւնը կը կողմնորոշէ մարդու աշխարհայեացքը եւ իւրաքանչիւր տնտեսական ու ընկերային համակարգ հիմնուած է անոր վրայ։ Փիլիսոփայութիւնը մարդկային միտքի ամենավառ գաղափարներու արտադրանքներէն մին է։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ. ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈԻԹԻՒՆ»

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Պատմաբան, հասարակական, քաղաքական գործիչ եւ դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» աշխատութիւնը՝ նուիրուած հայ-թրքական հարցերուն, արդէն ընթերցողի սեղանին է:

ՎԱԳՐԵՐԸ՝ ՏԱՍՆ ՕՐ ՎԵՐՋ

ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Անտառները հեռացան վանդակին մէջ բանտարկուած վագրին քովէն, բայց ան չկրցաւ մոռնալ զանոնք, բարկացած նայուածքը սեւեռեց իր վանդակին շուրջը դեգերող մարդոց, որոնք հետաքրքիր եւ անվախ աչքերով կը հետեւէին իրեն եւ անոնցմէ մէկը կը խօսէր հանդարտ եւ հրամայական շեշտով.

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ճարտարագէտ Ռաֆֆի Քորթոշեան ծնած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը՝ 1979 թուականին։ Արմատներով Խարբերդի Եղէգի գիւղէն է: 1990 թուականին աւարտած է Ազգային Հայկազեան վարժարանը, իսկ 1996 թուականին՝ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանը:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ՝ ԱՂՕԹԵԼՈՒ ՕՐ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ո՛չ թէ գունագեղ տօնակատարութիւն, ուր չհնչեց Արցախին նուիրուած ո՛չ մէկ երգ եւ ոչ մէկ հոգեթովիչ խօսք, այլ ազգովի ապաշխարութիւն: Սեպտեմբերի 21-ը, դիտաւորեալ շրջած են. ժամացոյցը հակառակը դառնալ սկսած է, սակայն բոլորը կոյր են ու խուլ՝ նշմարող չկայ:

Էջեր