ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՊԷ՞ՏՔ Է ԵՐՋԱՆԻԿ ԸԼԼԱՆՔ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մինչ քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով առօրեայ կեանքը գրեթէ ամբողջութեամբ փոխուած է, ամէնուր յառաջացած են հարիւրաւոր առաջարկներ, ինչպէս` «երջանիկ եղիր տունը սա ընելով…» կարգախօսներով: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը երջանկութիւն կը խոստանայ տարբեր ձեւերով եւ բազմաթիւ մարդիկ ստիպուած զգացին երջանիկ ըլլալ այս մեթոտներով, տան մէջ: