ՔԱՂԱՔԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Քաղաքը կարդում է». արեւելահայերէն այս խորագիրը ունէր Գիրքի Երեւանի չորրորդ փառատօնը, որ այս տարի ընթացաւ աննախադէպ աշխուժութեամբ, հակառակ քորոնաժահրի վարակի սահմանափակումներուն եւ ճնշուած տրամադրութիւններուն, որ կայ այսօր՝ սահմանային միջադէպերու, նաեւ պատերազմի երկարաձիգ ազդեցութեան հետեւանքով…