ԿԵՆԴԱՆԱՍԷՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հազիւ տան դռնէն ներս մտած, սպիտակ, վարդագոյն աչուկներով, փոքրիկ նապիկը ձեռքէն վար կը դնէ: Նապիկը սուրալով աջ ու ձախ կը վազվզէ: Տան մանչուկները ուրախ ճիչերով, պոռչտուքով ետեւէն կը վազեն: Է՛, ինչպէ՞ս կարելի է բռնել արագաշարժ նապիկը, որ սենեակին անկիւնները կը չափչփէ, մէյ մը հոս է, մէյ մը՝ հոն: