«ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը ԻՆՔՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՑ ՄԸ ԿԸ ԼՐԱՑՆԷ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ՄԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»
Ես ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողն եմ արդէն հինգ տարիէ ի վեր եւ երեւի, թէ չեմ գիտեր՝ քիչերէ՞ն մին, թէ՞ շատերէն մին, թէ, որ եղած եմ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատանը, ուր շատ աշխատանքային մթնոլորտ կայ, շատ բարեկամաբար կ՚ընդունին բոլորը եւ նոյն կերպով կը ճանապարհեն:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մասին խօսելու ատեն ես կ՚ուզեմ ընդամէնը քանի մը յատկանիշեր նշել. Նախ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, կը կարծեմ, տարածքաշրջանային թերթ է, հակառակ, որ ան կը հրատարակուի Պոլիս, բայց շնորհիւ այն հարցադրումներու, որոնք ընդգրկուած են անոր էջերուն մէջ եւ նաեւ շնորհիւ Սագօ Արեան թըղ-թակցի, որ սիւնակ ունի այնտեղ, ան կը դառնայ տարածքաշրջանային թերթ։