ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Աշխարհահռչակ արուեստագէտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ ձեռնարկներու շարք:
Երեւանի Օփերայէն ներս նորովի մօտեցումով կը ներկայացուի «Սպարտակ» նշանաւոր պալէն. մեծ հետաքրքրութիւն:
Աշխարհահռչակ արուեստագէտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ ձեռնարկներու շարք:
Երեւանի Օփերայէն ներս նորովի մօտեցումով կը ներկայացուի «Սպարտակ» նշանաւոր պալէն. մեծ հետաքրքրութիւն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսոյ մէջ գործող «Ոմանք» երաժշտական խումբը այս օրերուն Հայաստանի մէջ է: Առաջին անգամ չէ, որ խումբը համերգ կ՚ունենայ հայրենիքի մէջ, բայց այս անգամ համերգային շրջագայութեան աշխարհագրութիւնը մեծ է՝ Երեւանէն դէպի Կիւմրի, Վանաձոր, այնուհետեւ կրկին վերադարձ Երեւան:
«Ոմանք» այլընտրանքային երաժշտութեան խումբը այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան:
Սփիւռքի նախարարութենէն ներս շաբաթավերջին արուեստագէտները հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով մը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի այսօր կը դառնայ 75 տարեկան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեքշաբթի՝ 5 Յունիսին, Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, նախարարութեան շէնքին մէջ տուաւ իր առաջին մամլոյ ասուլիսը: Ճիշդ է, որ մինչ լրագրողներուն հետ հանդիպումը՝ նախարարը զանազան հանդիպումներ ունեցած էր հանրութեան հետ, ելոյթներ ունեցած էր հեռատեսիլով եւ ամէնօրեայ դրութեամբ իր առօրեայ գործունէութեան եւ ընելիքներուն մասին գրառումներ կը տեղադրէր իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ, բայց այս ասուլիսը աւելի ընդարձակ քննարկումներու նիւթ դարձաւ, քանի որ նախարարը խօսեցաւ նախարարութեան այս տարուան ծրագիրներու ճակատագիրներուն մասին, ինչ որ կը սպասէր շատերուն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նիկոլ Փաշինեանի «Երկրին հակառակ կողմը» վէպը արդէն իսկ ընթերցողին սեղանին է: Հայաստանի մէջ գիրք վաճառելու նոր աւանդոյթ մը ձեւաւորուած է:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ մէջ սրբապատկերի դիմաց մոմ վառելը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ ամենագեղեցիկ աւանդութիւններէն մին կը հանդիսանայ։ Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ Աստուած Մովսէսի միջոցաւ Իսրայէլի ժողովուրդին պատուիրեց, որ ձիթենիի զուլալ, անարատ ձէթ բերեն՝ վկայութեան խորանի կանթեղին մէջ դնելու ու խորանը լուսաւորելու համար (Հմմտ. Ել 17. 20-21):
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս իրերայաջորդ ձեւով ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ կը դնէ՝ բարձր պատմական արժէքով գիրքեր։ Այսպէս, վերջին օրերուն լոյս տեսաւ «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Առաջին աշխարհամարտի եւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան տարիներուն (1914-1920)» խորագրեալ նիւթերու ժողովածոն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
31 Մայիս 2019 թուականին կը լրանայ 150-ամեակը աշխարհահռչակ հայ գեղանկարիչ Վարդան Մախոխեանին, որ Յովհաննէս Այվազովսկիէն ետք կը նկատուի երկրորդ հայ նշանաւոր ծովանկարիչը, որուն նկարած ծովանկարները սփռուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, իսկ արուեստագէտի անոր համբաւը հասած է Թուրքիայէն մինչեւ Եւրոպա, ուր տեւական ստեղծագործած է Մախոխեան եւ նկատուած իր ժամանակի ամենէն շատ ցուցադրուած նկարիչներէն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1968 թուականի Մայիսին, Սարտարապատի ճակատամարտին հայ ժողովուրդին տարած յաղթանակին 50-ամեակին առթիւ հանդիսաւորութեամբ տեղի ունեցած է բացումը Սարտարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին: Առաջին հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերուն 100-ամեակին առթիւ այս տարի նշուեցաւ նաեւ յուշահամալիրին 50-ամեակը: