Ընկերա-մշակութային

ԱՔՐՈՓՈԼԻՍԻ ՊԱՏԿԱՌԱՆՔԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աթէնքի Մոնասթիրաքի հրապարակի բոլոր կողմերէն կը նշմարուի մայրաքաղաքին հպարտութիւնն ու զարդը նկատուող Աթէնքի Աքրոփոլիսը: Հրապարակը շրջապատուած է յուշանուէրներու բացօթեայ եւ տանիքի տակ գործող կրպակներով, որոնք լեցուն են զբօսաշրջիկներով: Յունական ամէն տեսակ արտադրանք եւ երկիրը բնորոշող իր կարելի է գտնել այս կրպակներուն մէջ՝ ծովային սպունգէն մինչեւ Հելլատա գրութեամբ հագուստներ եւ թեւնոցներ:

ԱՇԽԱՐՀԸ ԳՐԱՒՈՂ ԳԱՀԵՐՈՒ ԽԱՂԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Համացանցահէնները, որոնք կոտրած էին HBO ամերիկեան հեռուստաալիքի համակարգը, սպառնացած են հրապարակել աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւած «Գահերու խաղը» (Game of Thrones) յաջորդաբար ընթացող հեռատեսիլային խաղի եօթներորդ եթերաշրջանի եզրափակիչ մասը՝ պաշտօնական ցուցադրման տեղի ունենալէն առաջ:

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԱԾՈՅ ՄԸ. «ԵՐԹԱՍ ԲԱՐՈՎ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր վաստակաշատ կրթական մշակներէն Լեռնա Գարագիւթիւք հրատարակած է իր անդրանիկ գիրքը, որ կը կոչուի «Երթաս բարով»։ Սա բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մըն է։

ԳՐՈՂՆ ՈՒ ԳԻՏՆԱԿԱՆԸ

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մէջ վերջերս ներկայացուեցաւ ուշագրաւ թատերական ներկայացումը մը՝ ամերիկահայ թատերագիր, գրող Հրանդ Մարգարեանի «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը, որ թատերագրին այս ստեղծագործութեան հայաստանեան առաջին ներկայացումն էր: Սփիւռքահայ նշանաւոր գրողը, մինչ այդ, այս թատերախաղը ներկայացուցած էր Նիւ Եորքի մէջ:

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՍՊԵՆԴԻԱՐԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը այս տարի կը տօնէ իր բացման 50-ամեակը: «Արմէնփրէս»ի թղթակից Աննա Գրիգորեան այս առիթով զրուցեց տուն-թանգարանի տնօրէն Մարինէ Օթարեանի հետ:

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԴ ՆԱԽ ՔՈՒ ԱՆՁԻԴ ՄԷՋ ՓՆՏՌԷ

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Երջանկաբեր ու յաջողակ կեանք մը ապրելու բուռն ցանկութիւնը ստէպ մարդուս նպատակակէտը ու թիրախը դարձած է: Չկայ արարած մը, որ չուզէ իր համակ կեանքը երջանիկ ապրիլ, ուրախութեամբ անցընել ամէն մէկ քայլափոխ՝ ինքզինք հեռու պահելով տրտմաթախիծ պատահարներէ ու տխրութիւն պատճառող դէպքերէ: Սա բնական երեւոյթ մըն է:

ՀԱՅ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՊԵՐՃ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ ԿՈԹՈՂԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ՝ ԾՈՎՈՒՆ ՄԷՋ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Փաթրաս տանող ճանապարհներէն կը նշմարուի Յունաստանի ամենէն նշանաւոր կամուրջներէն մին, որ նաեւ տեղ գտած է 21-րդ դարուն կառուցուած եօթ նշանաւոր կամուրջներու ցանկին մէջ: Հայ է անոր ճարտարապետը: Այս մասին կը յայտնեմ կամուրջին շատ մօտ գտնուող Ռիօ պանդոկի (ուր իջեւանած ենք) աշխատակազմին, կը զարմանան, միթէ՞ մեր նշանաւոր այս կամուրջին ճարտարապետը ձեր հայրենակիցն է:

ԽՂՃԻԴ ՁԱՅՆԻՆ ՀԵՏԵՒԷ…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Խիղճը դիւթիչ եւ հնչեղ ձայն մը ունի, որուն քաղցրութիւնը ամէն մարդ կրնայ վայելել եւ իր կեանքին մնայուն ու հաւատարիմ ընկերը դարձնել։ Այդ ձայնը մարմնական ականջով չես կրնար լսել, այլ միայն հոգեւոր ականջով, եթէ ականջ ունիս այդ աստուածաստեղծ ձայնը լսելու եւ անոր շնորհիւ կեանքդ կերպարանափոխելու ու բարօր դարձնելու։

Էջեր