ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ
Մատենադարանի տնօրէնը անժամանակօրէն կնքեց իր մահկանացուն՝ յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Հայկական գիտական աշխարհը կը սգայ հեղինակաւոր միջնադարագէտ Հրաչեայ Թամրազեանի մահը:
Մատենադարանի տնօրէնը անժամանակօրէն կնքեց իր մահկանացուն՝ յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Հայկական գիտական աշխարհը կը սգայ հեղինակաւոր միջնադարագէտ Հրաչեայ Թամրազեանի մահը:
Ռուսական արուեստի թանգարանին մէջ (Փրոֆ. Ա. Աբրահամեանի հաւաքածոյ) Սեպտեմբերի 3-ին Կիւմրի քաղաքի Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահի հետ համատեղ տեղի կ՚ունենայ նկարիչ Մարիամ Ասլամազեանի «Կեանքի դավթարը» ինքնակենսագրական պատումներու ժողովածոյի շնորհանդէս-վաճառքը: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, գիրքի վաճառքէն ստացուած հասոյթը կը տրամադրուի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահի բարենորոգման։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Տասը տարի առաջ Օգոստոսին մեզմէ հեռացաւ բանաստեղծուհի եւ հրապարակախօս Սիլվա Կապուտիկեան: Կապուտիկեանը գրած է հայրենիքին, հայոց լեզուին, հայ ժողովուրդի ճակատագիրին եւ սիրոյ մասին. ան ամբողջ կեանքը նուիրած է ստեղծագործական աշխատանքին եւ հայրենիքին:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայերէնով ստեղծագործող, մտածող եւ արմտահայերէնը իր առօրեային հիմնականը դարձրած Սփիւռքի սակաւ մտաւորականներէն է Մարուշ (Մարուշ Երամեան): Հալէպ ծնած, հոն ուսուցչութիւն ըրած եւ գիրքեր տպագրած գրողին նոյնպէս պատերազմը հանեց իր ծննդավայրէն եւ Մարուշ կարճ ժամանակ մը Երեւանի մէջ մնալէն ետք այսօր կը պաշտօնավարէ Գահիրէի Կիւլպէնկեան-Նուպարեան վարժարանին մէջ, իբրեւ աւագ ուսուցչուհի:
Լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեանի առաջին անհատական ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Ներկայացուած քառասուն դրուագները ցոլացուցին հեղինակի վարպետութիւններն ու ստեղծագործական տաղանդը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վաղը՝ Օգոստոսի 31-ին, հայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան օրն է: Հայ սարոյեանասէրները ամէն տարի, յատուկ ակնածանքով, այդ օրը կը յիշեն մեծ գրողին անունը: Բայց այս տարուան Սարոյեանի ծննդեան տարեդարձը այլ երանգ մը ունի:
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան. «Հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ունի առաջնահերթ նշանակութիւն»:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս 2016-2017 շրջանի վերամուտին ընդառաջ բազմակողանի աշխատանքային հաւաքներ՝ կրթական մշակներու մասնակցութեամբ:
Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումի դիմումներու ընդունման հոլովոյթը: «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումին կրնան մասնակցիլ 16-30 տարեկան երիտասարդներ կամ հեղինակային խումբեր:
Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, բացումը կատարուած է Չեխիայէն հայրենադարձած գեղանկարիչ, ասեղնագործութեան վարպետ եւ ձեւաւորող Մարիամ Ղարիբեանի ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէսին: