ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ «ՀԱՆԴԷՍ ԱՄՍՕՐԵԱՅ»Ի ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յատկանշական է, որ Վիեննայի մէջ 1887 թուականին հիմնուած «Հանդէս ամսօրեայ» ամսագիրը այսօր կը տպուի Հայաստանի մէջ: Ամսագիրը, որ հայ մամուլի պատմութեան կարեւորագոյն անուններէն մին է, մաս կը կազմէ նաեւ աւստրահայ մամուլին, ինչպէս նաեւ իր ուրոյն տեղը ունի Աւստրիոյ մամուլի պատմութեան մէջ: