ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԸՆՏԻՐ ԹՐՔԵՐԷՆՈՎ ԶԵԿՈՅՑԸ՝ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1926 թուականին, օր մը պոլսահայ մեծ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեանը (որ արդէն հաստատուած էր Հայաստան) կը կանչեն այդ ժամանակուայ Հայաստանի պետական կառոյցներէն մէկը, որ կը կոչուէր Լուսաւորութեան ժողովրդական վարչութիւն, իսկ այդ վարչութեան ղեկավարն էր Ասքանազ Մռաւեան: